
By Asbarez | Thursday, 13 July 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> - Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Աղուան Վարդանեան Չորեքշաբթի, 12 Յուլիսին հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան անդամներուն հետ:
Վարդանեան ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական խումբի Արցախ այցի նպատակը, զեկուցեց Արցախի պաշտօնական շրջանակներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի ներքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, շօշափուեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յառաջիկայ ընտրութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ ՀՅԴ ներգրաւուածութեան վերաբերող հարցեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ