By Asbarez | Tuesday, 18 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հաւանական հանդիպման ընթացքին, անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր ապահովել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ եւ քննարկում կայացնել անոր իրականացման վերաբերեալ. այս մասին կը հաղորդէ <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութիւնը։
Նշենք, որ Յուլիս 11ին, Պրիւքսէլի մէջ կայացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։
Հանդիպման աւարտին կատարուած յայտարարութեան մէջ շեշտուած էր երկու պետութիւններու նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնելու կարեւորութիւնը։ Սակայն, Մամետեարով իր կարգին նշած է, թէ նման հանդիպումներ <<պէտք չէ կատարուին՝ պարզապէս հանդիպելու համար>>:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին