Կրթութեան նախարարը կը հանդիպի սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ

By Asbarez | Tuesday, 18 July 2017

0718levonmegerdchian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ կ՛ընթանայ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման մէկամսեայ ծրագիրը, որուն մասնակիցներուն հետ Երկուշաբթի, 17 Յուլիսին հանդիպեցաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Նախարարը շնորհակալութիւն  յայտնեց ուսուցիչներուն անոնց ստանձնած առաքելութեան՝ սփիւռքահայութեան հայապահպանման միտուած աշխատանքին համար:

Նշենք, որ այս տարի ուսուցիչներու մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է, իսկ կարգ մը համայնքներէ նաեւ մասնակիցներու թիւը աւելցած է:

<<Սփիւռքի տարբեր համայնքներում որակապես տարբեր վիճակներ են. իւրաքանչիւրն ունի իր իւրայատկութիւնը, հետեւաբար չի կարող լինել մէկ ծրագիր՝ բոլորի համար: Մեր աւանդական դպրոցական ծրագրերով այլեւս հնարաւոր չէ չորրորդ սերնդի հայեցի դաստիարակութիւն իրականացնել, եւ հայագիտական առարկաների նկատմամբ հետաքրքրութեան պակասը նաեւ համապատասխան մեթոդոլոգիայի եւ ծրագրի պակասի հետեւանք է>>, նշեց նախարարը՝ աւելցնելով. <<ՀՀ նախագահի մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքում յանձնարարուել է մշակել փորձնական ծրագիր՝ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ: Այն ենթադրում է երկու հարթութիւնում աշխատանք՝ Հայաստանում եւ Սփիւռքում: Մենք փորձելու ենք մի քանի տարուայ ընթացքում հասնել նրան, որ համալսարանական ընդունելութեան քննութիւնների մեր ծրագրերն արեւմտահայերէնով մատչելի լինեն սփիւռքահայ երեխաներին>>։

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement