Տաթեւեր ճոպանուղին ցուցանիշ սահմանած է

By Asbarez | Tuesday, 18 July 2017

 

0718datev

<<Մեդիամաքս>>ին <<Տաթեւեր>> ճոպանուղիի տնօրէնութենէն յայտնած են, թէ Յուլիս 16ին, <<Տաթեւեր>> ճոպանուղին սպասարկած է 1371 այցելուի: Այս ցուցանիշը առաջինն է ճոպանուղիի գործունէութեան պատմութեան ընթացքին:

Նախորդ ցուցանիշը սահմանուած էր 2014ի Յուլիս 20ին, երբ ճոպանուղին սպասարկած էր 1321 այցելուի:

<<Տաթեւեր>> ճոպանուղին կը գործէ 2010ի Հոկտեմբեր 16էն ի վեր: Անիկա կառուցուած է <<Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ>> (IDeA) հիմնադրամի <<Տաթեւի վերածնունդ>> ծրագիրի ծիրէն ներս:

Ճոպանուղին արձանագրուած է <<Կինես>> գիրքին մէջ՝ ոչ միայն որպէս աշխարհի ամենաերկարը, այլեւ որպէս ամենակարճ ժամանակահատուածին մէջ (10 ամիս) կառուցուած ճոպանուղի:

Տաթեւ այցելող եւ <<Տաթեւեր>> ճոպանուղիի ծառայութիւններէն օգտուելու համար կարելի է ճոպանուղիի տոմսերը նախապէս գնել առցանց:

 



comments