Արագածոտնի մարզպետը աշխատանքային առաջին հանդիպումը հրաւիրած է

By Asbarez | Friday, 21 July 2017

 

0721ashodsimonian

ԱՇՏԱՐԱԿ, <<Երկիր>> - Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեանի մօտ, Հիմգշաբթի, 20 Յուլիսին  տեղի ունեցաւ աշխատանքային առաջին խորհրդակցական հանդիպումը, որուն մասնակցեցան մարզպետի տեղակալները, աշխատակազմի ղեկավարը, մարզպետի խորհրդականները եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման ու այլ նախարարութիւններու, պետական գերատեսչութիւններու կողմէ ստացուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը: Խմելու եւ ոռոգման ջուրի մատակարարման, համայքներու միաւորման, <<Մաքուր Հայաստան>> ծրագիրները եւ այլ ոլորտներու առնչուող հարցերը լայնօրէն քննարկուեցան:

Մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան անդրադարձաւ արծարծուած հարցերուն եւ նշեց, որ աշխատանքի կազմակերպումը պէտք չէ սահմանափակուի, սոսկ գրաւոր յանձնարարականներու կատարումով, այլ անոնց պէտք է տրուին բովանդակային լուծումներ:

 



comments