Մինսկի Համանախագահները Նոր Առաջարկներ Ներկայացուցած Են

Wednesday, 01 July 2009     |    |      

Source: Yergir Media
Tags: azerbaijan, nagorno karabakh, NKR, minsk, armenia

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը հաւանական է, որ կայանայ Յուլիսի կիսուն, Մոսկուայի մէջ:

Այդ մասին նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավարներուն եւ միջնորդներուն հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք:

Այդ բանակցութիւնների ընթացքին ամրապնդուած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները եւ որոշ ոլորտներ, որոնց պարագային հնարաւոր է ապագային դրական արդիւնքներու հասնիլ եւ որոնց առթիւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները փոխզիջման նպատակով, նոր առաջարկներ կատարած են: Այդ ծիրէն ներս միջնորդները որոշած են յաջորդ ամսուան սկիզբը եւս մէկ այցելութիւն կազմակերպել Պաքու, Երեւան եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ երկու նախագահներու հանդիպումը նախապատրաստելու նպատակով: Այդ հարցին գծով ձեռք բերուած է սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն. այսպիսով, Յուլիսի կէսին Մոսկուայի մէջ կրնայ կայանալ բարձր մակարդակով հանդիպում», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:


Headlines

Advertisement

Share: Digg   Delicious   Facebook   Stumble Upon   Technorati   Myspace   Google   Furl   Reddit   Netvouz   Twitter   Newsvine   Blinklist