Արմէնփրէս-ը առցանց հասանելի կը դարձնէ լուսանկարներու մէկդարեայ արխիւը

By Asbarez | Thursday, 27 July 2017

0727armenpress

<<Արմէնփրէս>> լրատուական գործակալութիւնը, Beeline-ը եւ Տեխնոլոգիական զարգացման կեդրոն հիմնարկը ազդարարած են <<Արմէնփրէս. Պատմութիւն>> նախագիծի ծիրին մէջ history.armenpress.am կայքի գործարկման մասին:

<<Արմէնփրէս>> լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան յայտնեց, որ <<Արմէնփրէս. Պատմութիւն>> նախագիծը հնարաւորութիւն կու տայ թերթելու պատմութեան էջերը, տեսնելու, թէ ինչ զարգացումներ տեղի ունեցած են:

<<Ներկայիս 10 հազար լուսանկար հրապարակելով, իսկ յետագային անոնց թիւը աւելցնելով՝ մենք ցոյց կու տանք, որ գործակալութիւնը եղած է եւ կը մնայ ժամանակակից Հայաստանի կարեւոր իրադարձութիւններու լուսաբանողը>>, ըսաւ Անանեան:

Կայքը նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ լուսանկարները տարածելու ընկերային կայքերու եւ այլ հարթակներու վրայ: Անիկա հասանելի է համակարգիչներու եւ բջիջային սարքերու միջոցով:

Թուայնացման եւ կայքի պատրաստութեան աշխատանքները իրականացուցած է Տեխնոլոգիական զարգացման կեդրոն հիմնարկը: Արդէն իրականացուած է թուայնացումը շուրջ 6500 լուսանկարի, որոնցմէ շուրջ 2500ը արդէն իսկ հրապարակուած է կայքին վրայ:

Թուայնացած բոլոր լուսանկարներու օգտագործման, ինչպէս նաեւ հեղինակային ու յարակից իրաւունքները կը պատկանին միայն <<Արմէնփրէս>> լրատուական գործակալութեան:




comments