Կոմիտաս պանթէոնին մէջ կատարուեցաւ բացումը Օֆելիա Համբարձումեանի յուշարձանի

By Asbarez | Thursday, 27 July 2017

0727ofelia

ԵՐԵՒԱՆ - <<Ես կը խոնարհիմ այս անունին առջեւ>>, Երեւանի <<Կոմիտաս>> պանթէոնին մէջ Օֆելիա Համբարձումեանի յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց Ռուբէն Մաթեւոսեան, կը հաղորդէ <<Փանորամա>>ն:

Ան ըսաւ, որ իրեն համար Օֆելիա Համբարձումեան դարաշրջան է, իբրեւ երգչուհի՝ անզուգական երեւոյթ. <<Ժողովրդական է, ժողովուրդի հոգիէն, ժողովուրդին համար է, ժողովրդի գիտակցութիւնը, ձայնը արտաբերած է Երեւանէն մինչեւ աշխարհի բոլոր անկիւնները>>:

Իսկ Ռաիսա Մկրտչեանի համար Օֆելիա Համբարձումեան նոյնպէս անկրկնելի է, ազգային երգարուեստի ամենաբարձունքն է: Ան յիշեց, որ դեռ դպրոցական տարիքին առաջին անգամ լսած է Օ. Համբարձումեանը: <<Մեզ տարին <<Անահիտ>> հեքիաթի ֆիլմը դիտելու: Օֆելիան կը կատարէր <<Աղբիւրի մօտ>> երգը: Սիրահարուեցայ այդ ձայնին՝ կարկաչուն, պարզ, թափանցիկ>>, պատմեց երգչուհին:

Քանդակագործ Էմին Պետրոսեան իր աշխատանքին մէջ ներկայացուց երգչուհիին յաւերժական ըլլալու գաղափարը:

<<Խորհրդանշական է, չկայ կերպարային կառուցուածք: Ընտանիքի ցանկութիւնն էր, որ ըլլայ ուղղակի կառուցուածքային աշխատանք: Էսքիզները ընելէն, քննարկումներէն ետք եկանք այս տարբերակին: Աշխատանքը կը ներկայացնէ ջուրի շրջափուլը, որ, ըստ ինծի, կը խորհրդանշէ յաւերժութիւն: Իր կերպարը մարմնաւորած եմ կաթիլի մէջ: Ինք այդ մշակոյթի, ծովու մէկ կաթիլն էր: Լաւատես եմ, որ նման կաթիլներ դարձեալ կ՛ըլլան>>, ըսաւ քանդակագործը:

Քանդակին քարը՝ թրաւերթին (տիբուրեան քար, կրաքար–Խմբ.), քանդակագործը ինք ընտրած է. <<Հետաքրքրական զարդաքար է, որ կառուցուածքի հետ համահունչ, նոյնիսկ ծակոտկեները: Այս քարին բաց գոյնը կնոջ կերպարին համահունչ է>>:

Յիշեցնենք, որ Օֆելիա Համբարձումեան մահացաւ 13 Յունիս 2016ին, 91 տարեկանին:

 



comments