By Asbarez | Thursday, 27 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Չորեքշաբթի, 26 Յուլիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ բնական աղբիւրներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ 109 արեւային կայաններ կան:
Այս կայանները մեծ չեն, սակայն նոյնիսկ այս ոչ մեծ կայանները 1 մեկաուաթ հզօրութիւն կուտակած են:
<<Շուկան մշտապէս ընդլայնւում է: Վերջերս հանրապետութիւնում բացուեց արեւային պանելների (վահանակներու–Խմբ.) առաջին արտադրութիւնը, նման հնարաւորութիւնը քննարկում են նաեւ միւս ընկերութիւնները>>, նշեց փոխնախարարը:
Յարութիւնեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի առաջին <<արեւային գիւղի>>ն մասին: Երկրի տարածքին շուրջ 280 բնական կազով չապահովուած գիւղեր կան, մեծ մասամբ՝ փոքր գիւղեր, որոնց մէջ շուրջ 136 հազար մարդ կը բնակի: Փոխնախարարը համոզուած է, որ այդ գիւղերը կազի փոխարէն արեւային ուժանիւթով ապահովելը թէ՛ մաքուր է, թէ՛ աժան: Ըստ հաշուարկներու՝ կազի ապահովումը 39 միլիառ դրամ պիտի արժէ (շուրջ 80 միլիոն տոլար): Այդ բոլոր գիւղերուն մէջ իւրաքանչիւր տուն արեւային ջրատաքացուցիչներ եւ արեւային վահանակներ տեղադրելը՝ իւրաքանչիւրը 1 քիլոուաթ հզօրութեամբ, պիտի արժէ 35 միլիառ դրամ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ