By Asbarez | Friday, 28 July 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հինգշաբթի, 27 Յուլիսին այցելեց Հայաստանի զարգացման հիմնադրամ (ՀԶՀ)՝ ծանօթանալու համար իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին:
ՀԶՀ գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան վարչապետին ներկայացուց հիմնադրամի կառուցուածքային բարեփոխումներէն ետք նոր ծրագիրը եւ նշեց, որ առաջին կիսամեակին արդէն յաջողած են կատարել ամբողջ տարուան ծրագիրը:
Անդրադառնալով արձանագրուած ցուցանիշներուն՝ Աւագեան նշեց, որ ՀԶՀի աջակցութեամբ 3.3 միլիառ դրամին համարժէք արտածման պայմանագիրներ կնքուած են, իսկ աշնան կը ծրագրուի կազմակերպել 4 միջազգային ցուցահանդէս՝ հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով:
Ընթացքի մէջ են 20-25 պայմանագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններ՝ 800-850 միլիոն դրամին համարժէք ապրանքներու արտածման վերաբերեալ: Ապու Տապիի, Հռոմի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած միջազգային գործարար համաժողովները աւարտած են՝ արտածման ու ներդրումներու 15 պայմանագիրներով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ