ՀՄԸՄի պատուիրակութեան այցելութիւնը սփիւռքի նախարարին

By Asbarez | Saturday, 29 July 2017

0729HMEMVISITS1

ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 27 Յուլիսի կէսօրին, համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու առիթով Երեւան գտնուող ՀՄԸՄի պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն եւ ընդունուեցաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Վաչէ Նաճարեան, Իշխան Եղիայեան, Օշին Փիրումեան, Բագրատ Եսայեան, Անդրանիկ Պահարեան, Վիգէն Քորթեան, Արմանտօ Թորգոմեան, <<Մարզիկ>> պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան եւ 10րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան։

Ողջունելով ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնը՝ նախարար Յակոբեան շեշտեց նման մարզախաղերու Հայաստանի մէջ կազմակերպման կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն նոր սերունդի հայրենաճանաչութեան, մարզական մրցակցութեան ոգիի զարգացման եւ ցանցային կապերու հաստատման։ Բազմահարիւր պատանիներ ու երիտասարդներ ծանօթութիւններ կը հաստատեն իրարու հետ, նաեւ՝ հայրենի իրենց հասակակիցներուն հետ, ինչ որ դրական եւ օգտակար քայլ է։

 

Նախարար Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուէ տարի մարզախաղերու մասնակիցներու եւ շրջաններու թիւերուն աճին համար եւ նկատել տուաւ, որ սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ եղած է ու պիտի մնայ ՀՄԸՄի կողքին, մանաւանդ որ յառաջիկայ տարի միութիւնը կը պատրաստուի ձեռնարկներու շարքով մը հայրենիքի մէջ տօնելու իր հիմնադրութեան 100ամեակը։

Իր կարգին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան սփիւռքի նախարարութեան ճամբով շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան, որ ճիգ չխնայեց միութեան 10րդ մարզախաղերու յաջողութեան համար։ Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած գործակցութեան յուշագիրը, որ չորս տարուան կեանք ունի, թեւակոխած է գործնականացման փուլ եւ կը խոստանայ յառաջիկային աւելի արդիւնաւորուիլ ու զարգանալ։

Մկրտիչեան նաեւ յայտնեց, որ համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն նպատակը միայն մարզական չէ, մարզականը միջոց է, գլխաւոր նպատակը հայապահպանումն է, հայ երիտասարդները Հայաստան բերելը, փոխադարձ կապեր մշակելը եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումն է։

Այցելութեան աւարտին, առ ի գնահատանք <<Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու բարձր մակարդակով կազմակերպման>>, նախարար Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութիւնը։ Նոյն առիթով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը մարզախաղերու յուշանուէրը յանձնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

 

ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի երկար տարիներու անդամ Հրաչեայ Ռոստոմեանին։

Նախարար Ռոստոմեան ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներուն յայտնեց, որ 10 տարիէ ի վեր համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը արդէն իրենց կարեւոր տեղը ունին Հայաստանի մարզական կեանքին մէջ։ Ան նշեց, որ պետական որոշումով, նախարարութիւնը բոլոր ձեւի դիւրութիւններ կ՛ընծայէ մարզախաղերու հեզասահ ընթացքին ապահովման համար։

ՀՄԸՄի անունով նախարար Ռոստոմեանին շնորհակալութեան խօսք յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան նշեց, որ Ռոստոմեանի գլխաւորած նախարարութիւնը եւ Հայաստանի մարզական ֆետերասիոնները կամ դաշնակցութիւնները, ինչպէս անցեալին, այս մարզախաղերուն եւս եղան ՀՄԸՄի կողքին՝ կարելի դարձնելով այսքան մեծաթիւ մասնակցութեամբ մարզախաղերու կանոնաւոր կազմակերպումը։ Նախարարութիւնը սիրով տրամադրեց մարզադաշտեր, իրաւարարներ եւ մարզական պատասխանատուներ, որոնք կատարեցին շնորհակալ գործ։

Այցելութեան աւարտին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը հայրենի նախարարը պատուեց մարզախաղերու ոսկիէ մետալով։

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement