Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը աւարտեցան փայլուն յաջողութեամբ

By Asbarez | Tuesday, 01 August 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Շաբաթ, 29 Յուլիսի յետմիջօրէին, Երեւանի <<Միքա>> մարզական համալիրին մէջ կատարուած պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումներով իրենց աւարտին հասան համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը։ Աւարտական մրցումները կանխեցին 3րդ եւ 4րդ դիրքերու ճշդումի մրցումները։

Ախոյեաններու յստակացումէն ետք, մարզական համալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ մարազախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու տողանցքով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկի ընտրութեամբ։ Հանդիսութեան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով Իշխան Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերու յաջողութեան մեծապէս նպաստած հայրենի իշխանութիւններուն, հիւրընկալ շրջանին՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան, մարզախաղերու նախագահ Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններուն եւ բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն։ Ան ըսաւ, որ համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն իրագործումով, ՀՄԸՄը դէպի 100ամեակ կ՛ուղղուի աւելի քան երբեք խանդավառ ու հաստատ կամքով, միշտ հաւատարիմ մնալով իր նշանաբանին՝ <<Բարձրացիր-բարձրացուր>>ին։

Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, որ ողջունեց աշխարհի 21 երկիրներէն հայրենիք համախմբուած ՀՄԸՄական մարզիկներն ու մարզիկուհիները՝ յուսալով, որ անոնք իրենց երկիրները կը վերադառնան միութենական անմոռանալի յուշերով եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով։ Այս առիթով, Յակոբեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 80 հոգինոց կամաւորներու խումբը, որ անցած 10 օրերուն կազմակերպչական մեղուաջան աշխատանք կատարեց՝ մարզախաղերու յաջողութեան իրականացման համար։

Փակման հանդիսութեան առաջին անգամ ըլլալով հնչեց ՀՄԸՄի 100ամեակի քայլերգը (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն՝ Վահրամ Էմմիեանի, կատարողութիւն՝ Գառնիկ Սարգիսեանի)։

 

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ

 

Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու ախոյեաններուն յստակացումը դիւրին չեղաւ։ 10 օրուան մրցակցութենէ ետք, աւարտական սպասուած մրցումները եղան հետաքրքրական եւ անակնկալներով լեցուն։

Արդարեւ, ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանը տիրացաւ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ Արեւմտեան Մ. Նահանգներունը՝ ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան տիտղոսին։

Պասքեթպոլի պարագային, մեծագոյն անակնկալը եղաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի աղջկանց խումբին առաջնութեան տիրացումը, այլապէս երէց տղոց, կրտսեր տղոց եւ աղջկանց տիտղոսներուն տիրացան ՀՄԸՄի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու խումբերը։

Փինկ-փոնկի տղոց ու աղջկանց ախոյեան հանդիսացան Լիբանանի ՀՄԸՄէն Աւօ Մունջօղլեան եւ Լարա Քէչէպաշեան։ Ճատրակի մրցումներուն առաջին եւ երկրորդ հանդիսացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿէն Հրաչեայ Վարդանեան եւ Ռազմիկ Առաքելեան։ Լիբանանէն Հրայր Պրունսուզեան տիրացաւ պրոնզէ մետալի։

Թենիսի մրցումներուն, առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու, Կիպրոսի եւ ՀԱՍԿի մարզիկները։

Լողի տղոց մրցումներուն, Թեհրանի ՀՄԱԿը տիրացաւ 20 մետալի, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ՝ 9, Լիբանան՝ 7 եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ՝ 6։ Լիբանանէն Սեւակ Տէմիրճեան խլեց 4 ոսկի եւ 3 արծաթ մետալ։ Աղջկանց մրցումներուն, Արեւմտեան Մ. Նահանգները տիրացաւ 8 մետալի, Կիպրոս՝ 7, Սուրիա եւ ՀՄԱԿ՝ 6, Լիբանան եւ ՀԱՍԿ՝ 4ական մետալի։ Կիպրոսէն Մարի Սոմաքեան-Ճիորճիու խլեց 7 ոսկի մետալ, իսկ Սուրիայէն Միրնա Պզտիկեան՝ 4 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալ։

Փակման հանդիսութեան յայտարարուեցան իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն մարզիկին եւ մարզիկուհիին անունները, որոնք ստացան վաստակաշատ ՀՄԸՄականներու անունով հետեւեալ բաժակները.

– Պասքեթպոլի երէց տղոց լաւագոյն մարզիկ (<<Վարդգէս Ալահայտոյեան բաժակ>>)՝ Արամ Թարզիպաշեան, Արեւմտեան Մ. Ն.

–  Պասքեթպոլի կրտսեր տղոց լաւագոյն մարզիկ (<<Դանիէլ Դանիէլեան բաժակ>>)՝ Ալէքս Իսկէնտէրեան, Արեւմտեան Մ.Ն.

– Պասքեթպոլի երէց աղջկանց լաւագոյն մարզիկ (<<Վահրամ Դանիէլեան բաժակ>>)՝ Սոֆիա Տէմիրճեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ.

– Պասքեթպոլի կրտսեր աղջկանց լաւագոյն մարզիկ (<<Սիամանթօ Կարապետեան բաժակ>>)՝ Ալին Օվաննէսեան, Արեւմտեան Մ.Ն.

– Ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ (<<Վիգէն Զաքարեան բաժակ>>)՝ Տիրան Պէպէքեան, Արեւմտեան Մ.Ն.

– Վոլիպոլի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ (<<Յովհաննէս Պայթարեան բաժակ>>)՝ Անի Ստեփանեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ.

– Թենիսի լաւագոյն մարզիկ (<<Վարդան Բախշեան բաժակ>>)՝ Էտմոն Այնէճեան, Կիպրոս.

– Փինկ-փոնկի լաւագոյն մարզիկ (<<Յովհաննէս Հինդլեան բաժակ>>)՝ Լարա Քէչէպաշեան, Լիբանան.

– Աթլէթի տղոց լաւագոյն մարզիկ (<<Բիւզանդ Թորիկեան բաժակ>>)՝ Սերժ Չոլաքեան, Լիբանան.

– Աթլէթի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ (<<Վահան Չերազ բաժակ>>)՝ Լոռի Թաշճեան, Լիբանան.

– Լողի տղոց լաւագոյն մարզիկ (<<Շաւարշ Քրիսեան բաժակ>>)՝ Սեւան Ղարապէյքի, ՀՄԱԿ.

– Լողի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ (<<Տիգրան Ոսկունի բաժակ>>)՝ Մարի Սամաքեան-Ճիորճիու, Կիպրոս.

– Ճատրակի տղոց լաւագոյն մարզիկ (<<Գրիգոր Յակոբեան բաժակ>>)՝ Հրաչեայ Վարդանեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ.

– Ֆութսալի տղոց լաւագոյն մարզիկ (<<Նշան Թիւսիւզեան բաժակ>>)՝ Աւօ Տոնպուրեան, Լիբանան։

– Ֆութսալի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ (<<Արմէն Տէիրմէնճեան բաժակ>>)՝ Պայծառ Ասատրեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ.

– Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու տիպար մարզիկ (<<Միհրան Շիմշիրեան բաժակ>>)՝ Քուինթ Քեմնից, Արեւմտեան Մ.Ն։

Լաւագոյն մարզիկներու մրցանակաբաշխութենէն ետք, փակման հանդիսութեան կատարուեցաւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի լաւագոյն երեք խումբերու եւ մարզախաղերու տիպար պատուիրակութեան պարգեւատրում։ Արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

 

ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ

  1. Լիբանան
  2. Թեհրանի ՀՄԱԿ
  3. Արեւմտեան Մ.Ն.

 

ԹԵՆԻՍ

 

  1. Արեւմտեան Մ.Ն.
  2. Կիպրոս
  3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ

 

ԱԹԼԷԹ

 

  1. Լիբանան
  2. Արեւմտեան Մ.Ն.
  3. Թեհրանի ՀՄԱԿ

 

ԼՈՂ

 

  1. Թեհրանի ՀՄԱԿ
  2. Արեւմտեան Մ.Ն.
  3. Կիպրոս

 

ՃԱՏՐԱԿ

 

  1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
  2. Լիբանան
  3. Երուսաղէմ

 

ՖՈՒԹՍԱԼ

 

  1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
  2. Լիբանան
  3. Հարաւային Ամերիկա

 

ՎՈԼԻՊՈԼ

 

  1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
  2. Արեւմտեան Մ.Ն.

 

ՖՈՒԹՊՈԼ

 

  1. Արեւմտեան Մ.Ն.
  2. Լիբանան
  3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ

 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ

 

  1. Արեւմտեան Մ.Ն.
  2. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
  3. Թեհրանի ՀՄԱԿ

 

Նշել, որ համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու <<Տիպար պատուիրակութեան բաժակին արժանացաւ ՀՄԸՄի Գանատայի շրջանը։

 

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ

ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

 

Մարզախաղերու վերջին օրը արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

 

ՖՈՒԹՊՈԼ

 

3րդ 4րդ դիրքի մրցում ՝ Երուսաղէմ-Ֆրանսա 3-1

Աւարտական՝ Լիբանան-Արեւմտեան Մ. Ն. 2-0

 

ՖՈՒԹՊՈԼ՝ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ

 

3րդ 4րդ դիրքի մրցում ՝ Լիբանան-Քուէյթ 1-0

Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ.Ն. -ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ  1-0

 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ՝ ՏՂԱՔ

 

3րդ 4րդ դիրքի մրցում ՝ Արեւելեան Մ. Ն.-Աւստրալիա 76-55

Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ. Ն. (Բ.)-Արեւմտեան Մ. Ն. (Ա.) 90-86

 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ՝ ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ

 

3րդ 4րդ դիրքի մրցում ՝ Լիբանան-Արեւելեան Մ. Ն. 48-44

Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ. Ն. (Բ.)-Արեւմտեան Մ. Ն. 64-44

 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ՝ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

 

3րդ 4րդ դիրքի մրցում ՝ Արեւմտեան Մ. Ն (Ա.). -Աւստրալիա (Բ.) 67-16

Աւարտական՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Արեւմտեան Մ. Ն. (Բ.) 74-71

 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ՝

ԿՐՏՍԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

 

3րդ 4րդ դիրքի մրցում ՝ Արեւմտեան Մ. Ն. (Բ.)-ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 44-41

Աւարտական՝ Արեւմտեան Մ. Ն. (Ա.)-Թեհրանի ՀՄԱԿ 59-57

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement