By Asbarez | Tuesday, 01 August 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի ԹՈՒՄՕի այգիին մէջ Երկուշաբթի, 31 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴի կողմէ երրորդ անգամ կազմակերպուող՝ Սփիւռքի պատանեկան միութիւններու հայաստանագնացութեան բացման արարողութիւնը:
Յուլիս 31էն Օգոստոս 7ը ընթացող միջոցառման կը մասնակցին 230՝ 12-17 տարեկան պատանի, 9 երկիրներէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան կը տեղեկացնէ, թէ միջոցառման նպատակներն են՝ սփիւռքահայ պատանիներուն Հայաստանի ծանօթացումը, անոնց քաղաքացիական գիտակցութեան բարձրացումը, ինչպէս նաեւ առողջ ապրելակերպի խթանումը:
<<Ութ օրուայ ընթացքում տարբեր երկրների պատանիներ ծանօթանալու են միմեանց հետ, ձեռք են բերելու նոր գիտելիքներ եւ կատարելու են խմբակային աշխատանքներ>>, նշեց Մկրտչեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէնուհի Կիւրեղեան, իր կարգին, կը յայտնէ, թէ այս միջոցառման շնորհիւ պատանեկան միութիւնները աւելի կը սերտացնեն իրենց յարաբերութիւնները: <<Պատանիները ընկերական մթնոլորտում ձեռք կը բերեն նոր գիտելիքներ, որոնք շատ կարեւոր են>>, ըսաւ Կիւրեղեան:
Պատանիները Հայաստանագնացութեան առաջին հինգ օրերը Հայաստանի մէջ պիտի անցընեն, մնացեալ երեք օրերը՝ Արցախ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ