Արեւմտեան Հայաստանի մեր յուշարձանները Թուրքերը արօտավայրերու եւ թռչնաշուկայի վերածած են. Մինասեան

By Asbarez | Saturday, 05 August 2017

 

0805edigminasian


ԵՐԵՒԱՆ - Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիները անմիթար վիճակի մէջ են: Ըստ <<Փանորամա>>ի՝ Ուրբաթ, 4 Օգոստոսին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին այս մասին խօսած է ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեան՝ անդրադառնալով պատմութեան բաժանմունքի ուխտագնացութեան Արեւմտեան Հայաստան:

<<Ասիկա Արեւմտեան Հայաստան մեր հերթական այցելութիւնն էր, որուն ընթացքին ալ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, պատմութեան բաժանմունքի շրջանաւարտներուն յանձնեցինք իրենց վկայականները: Մենք իսկապէս ուխտի կ՛երթանք՝ նպատակ ունենալով այցելելու հինաւուց պատմական յուշարձանները, եկեղեցիները: Պատմական հայրենիքի մէջ շրջանաւարտներուն աւարտական վկայականներու յանձնումով կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ հայրենիքի արեւմտեան հատուածը ազատգրուած չէ եւ պէտք է ազատագրուի իրենց եւ իրենց սերունդներուն միջոցով>>, նշած է Մինասեան:

Ան պատմած է, որ մեկնած են 70 հոգինոց խումբով. բացի հայրենասիրական եւ պատմաճանաչողական նպատակէն, իրենք կ՛ուզեն ամրապնդել երիտասարդներուն մօտ տարածքներուն ետ վերադարձի գաղափարը:

<<Մեծ մասամբ անմխիթար վիճակ էր, տեղեր կային, որ արօտավայրերու վերածուած էին, թռչնաշուկայի, միայն ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին վրայ ընդգրկուած Անիի եկեղեցին էր, որ ստիպուած կը հետեւէին վիճակին: Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին որոշ չափով վերականգնած էին, սակայն թրքական ոճը խառնած էին հայկականին: Իսկ Սուրբ Աղթամար եկեղեցին վերածուած էր թանգարանի, բայց մոմ վառելու հնարաւորութիւն գտանք: Ոսկի գտնելու նպատակով թուրքերը քանդած, աւերած էին պատմական մեր յուշարձանները>>, մանրամասնած է ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ղեկավարը:

Այցելութեան մասնակցած շրջանաւարտ Գեղամ Ասատրեան կարեւոր համարած է այցը՝ ըսելով, որ անիկա շրջանաւարտներուն համար շատ սպասուած էր. <<Տպաւորութիւնները երկակի էին, նախ աչքիդ առաջ կու գայ ազգային ազատագրական պաքարի իւրաքանչիւր հատուած, ամէն քայլափոխի երգելով կարօտ կ՛ապրէինք, միւս կողմէ ալ՝  յուշարձաններուն անմխիթար վիճակը, պատմութեան խեղաթիւրումը: Նկատելի էր, որ մեր յուշարձաններուն հասցուած վնասները շատ անգամ միտումնաւոր եղած են>>:

 

comments