Երեւանի մէջ բնակարանները զգալիօրէն աժանցած են

By Asbarez | Saturday, 05 August 2017


ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Անշարժ գոյքի պետական վարչութեան տեղեկութիւններով՝ առաջին կիսամեակին, Հայաստանի տարածքին բնակարաններու առքուվաճառքի գործարքներու թիւը՝ տարեկան կտրուածքով, աճած է աւելի քան 17 տոկոսով: Այս ժամանակահատուածին վաճառուած բնակարաններուն աւելի քան 70ը տոկոսը բաժին ինկած է մայրաքաղաքին:

Հակառակ առքուվաճառքի գործարքներու երկնիշ աճին՝ մէկ տարուան ընթացքին մայրաքաղաքի բնակարաններու 1 քառակուսի մեթր մակերեսի միջին շուկայական գիները նուազած են: Յունիսի տուեալներով՝ գիներու մէջ անկումը կազմած է 0.9 տոկոսէն (Նուբարաշէն թաղամաս)  մինչեւ 9.9 տոկոս (Աջափնեակ): Երեւանի ամենասուղ թաղամասի՝ Կեդրոնի շուկայական գիները, պաշտօնական տուեալներով, աճած են 5.4 տոկոսով:

 

comments