By Asbarez | Saturday, 05 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ժիրայր Սեֆիլեանի գործով դատաւորը Ուրբաթ, 4 Օգոստոսին որոշեց հանրային պաշտպանով փոխարինել ընդդիմադիր գործիչի փաստաբանները:
<<Դատաւորի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի>> համար նիստերու դահլիճէն հեռացուած Սեֆիլեանին ոստիկանները քանի մը րոպէով բերին դահլիճ:
<<Փաստաբաններ Տիգրան Հայրապետեան եւ Արա Զաքարեան չեն ներկայանար նիստերուն>>, ըսաւ դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեան եւ հարց տուաւ եթէ Սեֆիլեան այլ պաշտպաններ ունի:
<<Իմ պաշտպաններին դուք էք խանգարում, որ ներկայ լինեն>>, պատասխանեց Սեֆիլեան:
Փաստաբան Տիգրան Հայրապետեան յայտարարեց, որ Սեֆիլեանի բացակայութեամբ պիտի չմասնակցի դատական նիստերուն:
Հակառակ Սեֆիլեանի ընդդիմութեան, գալ շաբաթ կայանալիք յաջորդ նիստին Փաստաբաններու պալատը պէտք է հանրային պաշտպան ուղարկէ անոր շահերը ներկայացնելու համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ