7 Հայ սպաներ շրջանաւարտ՝ Լիբանանի Սպայից Վարժարանէն

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017

0000LIPANAN

ՊԷՅՐՈՒԹ - Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ կայացած բանակի տօնին առիթով, Սպայից վարժարանի սուրերու յանձնումի արարողութեան ընթացքին 7 հայ սպաներ նոյնպէս ստացան իրենց աւարտական սուրը:

Շրջանաւարտ հայ սպաներն են՝ Վարագ Տիւքէնճեան, Յակոբ Նշանեան, Մարտիկ Պաթուզեան, Պերճ Քենտիրճեան, Ռուտի Սէֆէրեան, Կարօ Պարտագճեան եւ Էտուին Քորումլեան:

Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շնորհաւորեց հայազգի սպաները՝ անոնց մաղթելով հայրենիքի պաշտպանութեան յաղթական երթ: Բագրատունի մաղթեց, որ անոնք՝ իբրեւ հայ սպաներ, ըլլան տիպար զինուորականներ եւ արժանանան նորանոր աստիճաններու:

 

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement