By Asbarez | Friday, 09 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման, տիկնոջ հետ Դեկտեմբեր 9ին այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրաւ Անմար կրակի մօտ:
Նախագահը նաեւ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ծանօթանալէ ետք ցուցանմուշներուն, պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ թողուց հետեւեալ գրառումը. «Կը մաղթեմ, որ հայ ժողովուրդը կարողանայ կառուցել այն պետութիւնը, որուն համար կը պայքարէին անոր զաւակները, նաեւ՝ Հայաստանը գտնէ իր կատարեալ ամբողջութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, կայունութիւնը եւ զարգացումը: Բարեկամ հայ ժողովուրդին կը մաղթեմ բարգաւաճում»:
Լիբանան միակ արաբական պետութիւնն է, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ