Հասրաթեան - Մի՛ անհանգստանաք, Պաքուի կողմէ հիւսուած հերթական հեքիաթն է

By Aztag Daily | Thursday, 10 August 2017


Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան իր ֆէյսպուքեան  էջին մէջ անդրադարձած է ազրպէյճանական կողմի հրապարակումներուն, թէ իբրեւ թէ հայկական նախայարձակ խումբ մը փորձած է ներթափանցում կատարել` նշելով, որ անիկա Պաքուի հերթական բեմադրութիւնն է:

<<Քիչ առաջ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան` սեփական հանրութեան ոգիի ծարաւը յագեցնելու նպատակով` շրջանառութեան մէջ դրաւ իր զինուժի երեւակայական յաղթարշաւը ներկայացնող հերթական բեմադրութիւնը: Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս սիրողականէն ցած ընդունակութեամբ օժտուած Պաքուի բեմադրիչները մատուցեցին այն, ինչ որ յարիր է միայն իրենց: Նիւթն ալ նոյնն էր ու ծամծմուած` հայկական յարձակողական խումբը փորձած է իրականացնել ներթափանցում, իսկ իրենց <<քաջարի ասկեարները թշնամիին կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զայն…>>: Կարելի էր նաեւ այս յիմարութեան չանդրադառնալ (ինչպէս սովորաբար կը վարուինք), բայց անհանգստացողները շատ են: Խորհուրդս` մի՛ անհանգստանաք, Պաքուի կողմէ հիւսուած հերթական հեքիաթն է® սեփական լսարանին համար>>, գրած է Հասրաթեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement