Հայկական դեղերու արտածումը ընդլայնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին

By Asbarez | Saturday, 12 August 2017

0812albertsahagian

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանէն դեղերու արտածման աշխարհագրութեան ընդլայնման նպատակով՝ հայկական դեղ արտադրողները աշխատանքներ կը տանին տարբեր երկիրներու մէջ, եւ որոշ արդիւնքներ արդէն արձանագրուած են:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ այս մասին խօսած է <<Դեղերու եւ բժշկական սարքերու փորձագիտական կեդրոն>>ի փոխտնօրէն Ալպերթ Սահակեան:

<<Հայաստանի մէջ արձանագրուած դեղերուն շուրջ 10 տոկոսը հայկական արտադրութիւն են. անոնցմով կ՛ապահովուի հանրապետութեան դեղի պահանջարկի շուրջ 7 տոկոսը: Անոնք մասնաւորապէս տարբեր դեղաբանական խումբերու մէջ ընդգրկուած դեղահատեր են, փոշիներ, դեղապատիճներ, կաթիլային ներարկման լուծոյթներ, քսուքներ, մոմիկներ, ներքին եւ արտաքին ընդունման տարբեր լուծոյթներ եւ այլն: Հայաստան կը ներածուի հանրապետութեան բնակչութեան ու բժշկական հաստատութիւններուն անհրաժեշտ դեղերուն շուրջ 90 տոկոսը: Ըստ ներմուծման ծաւալներու յաջորդականութեան՝ 2016ի դրութեամբ, մեծ ներմուծողներն են Զուիցերիան, Հունգարիան, Գերմանիան, Ֆրանսան, Սլովենիան, Ռուսիան, Աւստրիան, Վրաստանը, Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները>>, յայտնեց Ալպերթ Սահակեան եւ աւելցուց, որ դեղերու ներածումը ենթակայ է խիստ կարգաւորման, եւ որեւէ երկիր ներածման մատչելիութեան տեսանկիւնէն չի կրնար առանձնանալ:

Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ արտադրուող դեղերը մեծ մասամբ կ՛արտածուին Իրաք, Մոլտովա, Ղազախստան, Տաճիկիստան, Ռուսիա, Լաթվիա, Վրաստան, Իւզպեքիստան, Պելոռուս, Ուքրանիա, Եմէն եւ Վիեթնամ: Արտահանող հիմնական ընկերութիւններն են <<Արփիմեդ>>ը, <<Լիկուոր>>ը, <<Ֆարմատեք>>ը եւ Երեւանի քիմիադեղագործական գործարանը:

<<Մեր ունեցած տուեալներուն համաձայն՝ արտածման աշխարհագրութեան ընդլայնման նպատակով հայկական դեղ արտադրողները աշխատանքներ կ՛իրականացնեն զանազան երկիրներու մէջ, եւ որոշ արդիւնքներ արդէն արձանագրուած են: Օրինակ՝ <<Լիկվոր>>ը պատշաճ արտադրական գործունէութեան՝ GMP (ՊԱԳ) հաւաստագիր ստանալէ ետք դեղեր սկսած է  արտածելու դէպի Իրաք եւ Վիեթնամ>>, ըսաւ Սահակեան:

GMP չափանիշներուն համապատասխանող երեք ընկերութիւններէն մէկուն՝ <<Արփիմետ>> ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վաչագան Ղազարեանի յայտնեց, արտածող երկիրներու աշխարհագրութիւնը տարուէ տարի կը մեծնայ: 2014էն ի վեր դեղեր կ՛արտածեն Թուրքմենիստան, Ղազախստան, իսկ այս տարուընէ՝ նաեւ Եմէն: <<Ընդլայնման ուղղութեամբ տարբեր քայլեր կ՛իրականացնենք, կ՛ուսումնասիրենք տարբեր երկիրներու շուկաները, ցուցահանդէսներուն կը փորձենք մեր շուկան կարելի եղածին ձափ լաւ ներկայացնել>>, բացատրեց Ղազարեան:

Ալբերտ Սահակեան, իր կարգին տեղեկացուց, որ դեղերու արտադրութեան բնագաւառին մէջ հիմնական հարցերը նիւթական ներդրումներն են, ինչպէս նաեւ որակաւորուած մասնագէտներու պակասը: Այս հանգամանքներէն են կախուած արտածման հնարաւորութիւններն ու նոր շուկաներու նուաճումը: Սակայն դեղերու շրջանառութեան կարգաւորման նպատակով, վերջին տարիներուն օրէնսդրական դաշտին մէջ իրականացուած են բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնցմէ են <<Դեղերու մասին>> Հայաստանի Հանրապետութեան նոր օրէնքի ընդունումը: <<Ներկայիս, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը զբաղած է մշակումովը այդ օրէնքէն բխող շուրջ 60 իրաւական կանոններու, որոնց զգալի մասը կը գտնուի Հայաստանի կառավարութեան ընդունման, մէկ մասն ալ քննարկման փուլի մէջ:

Շրջանառութեան կարգաւորումը լաւ գործընթաց է եւ անընդհատ կը գտնուի ուսումնասիրութեան եւ կարգաւորման գործընթացին մէջ>>, եզրակացուց Ալբերտ Սահակեան:

 



comments