By Asbarez | Thursday, 17 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոսին հանդիպեցաւ Իրանի Իսմալական Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական, առեւտրական ազատ գօտիներու համադրման խորհուրդի քարտուղար Աքպար Թորքանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց իրանեան պատուիրակութեան այցելութեան համար, որ նախարարին համոզումով՝ աւելի պիտի ամրապնդէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները:
<<Ես խիստ կարեւորում եմ հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւնների զարգացումը եւ այսօր մեծ սիրով կը քննարկեմ առկայ ներուժի իրացման հնարաւորութիւնները>>, ըսաւ Սուրէն Կարայեան:
Աքպար Թորքան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար: Ան նշեց, որ մտադիր է ծանօթանալ Հայաստանի զարգացման երկարաժամկէտ ծրագիրներուն եւ քննարկել Հայաստան-Իրան տնտեսական համագործակցութիւնը:
Նախարար Կարայեան ընդգծեց միջազգային փորձառութեամբ հաստատուած փաստը, որ ընդհանուր տնտեսական համագործակցութեան զարգացման շարժիչ ուժ կրնան դառնալ ազատ տնտեսական գօտիներու միջեւ փոխգործակցութիւնը, ինչպէս օրինակ Հայաստանի սահմանին ստեղծուող Մեղրիի եւ Իրանի սահմանին գտնուող <<Արազ>> ազատ տնտեսական գօտիներու պարագան: Ըստ նախարարին՝ այս համագործակցութիւնը կրնայ հիմք դառնալ Հայաստանի հարաւի եւ Իրանի հիւսիսի տարածաշրջաններու զարգացման ընդհանուր ծրագիրին:
Նախարարը յայտնեց, որ շարք մը երկիրներու գործարարներու եւ պաշտօնեաներու կողմէ արդէն իսկ կայ մեծ հետաքրքրութիւն այս երկխօսութեան շուրջ: Երկու կողմերը համաձայն են, որ անհրաժեշտ է մշակել առաւելագոյն դիւրացուած համագործակցութեան միջոցներ, որպէսզի երկու ազատ տնտեսական գօտիները ոչ թէ մրցին իրար հետ, այլ դառնան գործընկերներ: Հանդիպման ներկայ <<Արազ>> եւ <<Մեղրի>> ազատ տնտեսական գօտիներու տնօրէններուն յանձնարարուած է այս ուղղութեամբ յստակ առաջարկներ ձեւաւորել:
Ըստ Աքպար Թորքանի՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ վիզաներու չեղարկումը լուրջ խթան էր զբօսաշրջութեան զարգացման համար:
<<Անձնապէս ականատես եղայ, որ բազմաթիւ իրանցի զբոասշրջիկներ կան Երեւանի մէջ. այդ մէկը շատ ուրախալի է: Այս ոլորտին մէջ լուրջ ձեռքբերումներ կրնանք ունենալ: Զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կը բերէ նաեւ տնտեսական այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան խորացում>>, ըսաւ իրանցի պաշտօնատարը:
Նախարար Սուրէն Կարայեանի եւ Աքպար Թորքանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են երեք աշխատանքային խումբեր՝ զբօսաշրջութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու եւ գործնական առաջարկներ մշակելու նպատակով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ