Արցախի եւ Հայաստանի վարչապետները Քարվաճառի մէջ մասնակցեցան ջուրի գործարանի հիմնարկէքին

By Asbarez | Thursday, 17 August 2017

 

0817varchabed

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 15ին, Շահումեանի շրջանին մէջ դիմաւորեց ոչ-պաշտօնական այցով Արցախ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։ Անոնք միասնաբար ծանօթացան շրջանին մէջ գործող տնտեսական շարք մը նախագիծերու:

Արցախի կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ երկու հանրապետութիւններու վարչապետները նախ ծանօթացան Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարական աշխատանքներուն՝ կարեւոր համարելով այդ ճանապարհին նշանակութիւնը թէ՛ ռազմավարական եւ թէ յարակից շրջաններու հասարակական-տնտեսական զարգացման տեսանկիւններէն, ապա մասնակցեցան Քարվաճառ քաղաքի մերձակայքը հիմնուող ջուրի գործարանի հիմնարկէքին:

<<Ասիկա պատմական պահ է, որովհետեւ Շահումեանի շրջանին համար աննախադէպ չափի գործարանի մը հիմքը կը դնենք: Այս նախագիծը կ՛իրագործուի օտար ներդրումով՝ նպատակ ունենալով մեծ ծաւալներով արտածել Քարվաճառի ջուրը: Անիկա կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ձգէ շրջանի հասարակական-տնտեսական զարգացման վրայ, քանի որ, ըստ նախագիծին, սկզբնական փուլին գործարանը պիտի ապահովէ շուրջ 50 աշխատատեղ՝ խթանելով նաեւ շրջակայ տարածքներու ենթակառուցուածքներուն զարգացումը: Առ այդ, կառավարութիւնը պատրաստակամ է կարելի եղածին չափ աջակցելու այս ծրագիրի կեանքի կոչման>>, յայտնեց վարչապետ Յարութիւնեան:

Արցախի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու ղեկավարները այցելեցին նաեւ Լեւ գետին վրայ կառուցուող <<Լեւ-1>> եւ Թարթառ գետին վրայ բանող <<Ջերմաջուր>> ջրաելեկտրակայանները, ծանօթացան անոնց արտադրական հնարաւորութիւններուն: Ա. Յարութիւնեան ըսաւ, որ վերջին տարիներուն կառուցուած ՀԷԿերուն շնորհիւ Արցախը դարձած է ելեկտրականութեան սպառման առումով ինքնաբաւ, ինչպէս նաեւ բացուած են հարիւրաւոր նոր աշխատատեղեր։

 



comments

Advertisement