Գիտութեան մարզի զարգացման 2017-2020 ռազմավարական ծրագիրը արժանացաւ Հայաստանի կառավարութեան համաձայնութեան

By Asbarez | Saturday, 19 August 2017

0819levon

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 17ի կառավարութեան նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացման 2017-2020 թուականներու ռազմավարական ծրագիրը: Համապատասխան որոշումին նախագիծը ներկայացուցած էր Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը:

Ռազմավարական ծրագիրով նախատեսուած են այս մարզի  մարտահրաւէրներու պատասխաններուն ուղղուած հիմնական լուծումներն ու անոնցմով պայմանաւորուած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ծրագիրի իրականացման արդիւնաւէտութեան գնահատման առանցքային ցուցանիշները՝ ըստ նպատակներու:

Ծրագիրի դիտարկումը պիտի իրականացնէ Հայաստանի կր-թութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գիտութեան պետական կոմիտէն՝ տարեկան պարբերականութեամբ: Ամէն տարի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պիտի ներկայացուի  հաշուետուութիւն՝ ծրագիրի արդիւնաւէտութեան առանցքային ցուցանիշներուն ուղղութեամբ տուեալ տարուան նախորդող տարուան կատարողականին եւ յաջորդող երեք տարիներու կանխատեսումներուն վերաբերեալ:

Անոնց արդիւնքով, կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան մէջ ձեւաւորել միջազգային ասպարէզին մրցունակ, Եւրոպական հետազօտական տարածքին հետ համարկումի եւ այդ հետազօտական տարածքին մէջ իր մասնագիտացման տիրոյթը ձեւաւորող ազգային գիտական համակարգ, որ պիտի խթանէ գերազանցութիւնը հիմնարար ու կիրառական հետազօտութիւններու մէջ եւ պիտի նպաստէ հանրապետութեան տնտեսական զարգացման ու յառաջընթացքին:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement