Կարէն Կարապետեանի հանգիստը պապենական տան մէջ եւ Արցախի մէջ 200 հեկտար նուռի այգի հիմնելու խոստումը

By Asbarez | Saturday, 19 August 2017

0819varchabed

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - <<Երէկ հնարաւորութիւն ունեցայ կարճատեւ արձակուրդով Արցախ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ հարցազրոյց իրականացնելու՝ իմ թեկնածուական ատենախօսութեան համար>>, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան:

<<Հաճելի եւ պատուաբեր էր հիւրընկալուիլ Աստղաշէն գիւղին մէջ գտնուող անոր պապենական տան մէջ, ուր այս օրերուն, Կ. Կարապետեան՝ իր հարազատներուն հետ միասին, կ՛անցընէ իր կարճատեւ արձակուրդը: Այնպիսի տրամադրող միջավայր էր, որ հարցազրոյցը արագօրէն վերածուեցաւ զրոյցի՝ տարբեր նիւթերու շուրջ՝ կառավարման մօտեցումներէն ու կրթութիւն-գիտութենէն մինչեւ ընկերային-հոգեբանութիւն եւ հայկական արդի հիմնահարցերը: Իբրեւ արդիւնք՝ ամրապնդուեցաւ անոր մասին հեռակայ կարծիքս՝ իբրեւ պարզ, անկեղծ, սրտացաւ ու խորաթափանց մարդուն մասին:

Ուրախալի է տեսնել, որ նման պաշտօնեայ մը իր արձակուրդը կ՛անցընէ Արցախի մէջ, յատկապէս՝ իր հայրենի գիւղին մէջ: Առաւել ուրախալի եւ ողջունելի էր, որ ան իր հանգիստը, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ միասին կիսաաշխատանքային շրջագայութեան ելած է՝ ծանօթանալով Արցախի մէջ գործող զանազան ծրագիրներու: Աւելին՝ խորհրդանշական էին երկու վարչապետներուն այցը Թալիշ եւ նաւակով զբօսանքը սահմանամերձ Մատաղիսի ջրամբարին վրայ:

Մինչայդ, տեղեկացնեմ, որ երբ վարչապետները կը շրջագայէին սահմանամերձ գօտիներու այգիներուն մէջ, Կարէն Կարապետեանի ընտանիքին կողմէ խոստում եղաւ, որ անոնք այդ հատուածին մէջ պիտի հիմնեն շուրջ 200 հեկտար նուռի այգի: Ինծի համար ա՛յս է իրական հայրենասիրութիւնն ու սրտացաւութիւնը, երբ ճառ խօսելու փոխարէն կը գործես, ան ալ՝ խորհրդանշական տարածքներու վրայ խորհրդանշական ծառ տնկելու որոշումով>>, կը գրէ Արտակ Բեգլարեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement