Նախարար Մինասեան պարգեւատրեց ԻԼ-76 օդանաւի անձնակազմը

By Asbarez | Tuesday, 22 August 2017

0822ardzvig1

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան պարգեւատրեց Խոսրովի Անտառ պետական արգելոցի հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակից Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յատուկ նշանակութեան <<ԻԼ-76>> օդանաւի անձնակազմը:

Նախարար Արծուիկ Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց օդանաւի անձնակազմի բոլոր անդամներուն վերաբերմունքին, մեծ պատասխանատուութեամբ իրականացուցած աշխատանքին համար:

Նախարարին հրամանով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան Խոսրովի Անտառ պետական արգելոցի տարածքին մէջ բռնկած հրդեհի շիջման աշխատանքներուն մէջ  բացառիկ ծառայութիւն մատուցելու եւ ցուցաբերած բարձր մակարդակի աշխատանքին համար <<ԻԼ-76>> յատուկ նշանակութեան օդանաւի հրամանատար Եւկենի Սերիխին շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան <<Բնապահպանութեան բնագաւառին մէջ նշանակալի աւանդին համար>> նախարարութեան ոսկիէ մետալը:

Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցած <<ԻԼ-76>> յատուկ նշանակութեան օդանաւի անձնակազմի բոլոր անդամները պարգեւատրուեցան նախարարութեան շնորհակալագիրներով եւ անհատոյց ու ցմահ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքները այցելելու վկայականով:

Նշենք, որ <<ԻԼ-76>> յատուկ նշանակութեան օդանաւի անձնակազմը նախարարութեան մետալներով պարգեւատրեց նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

 



comments