By Asbarez | Saturday, 26 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Երբ սպան կ՛ընտրէ իր մասնագիտութիւնը, կը կատարէ հայրենիքը պաշտպանելու քաղաքացիական պարտքը մասնագիտութեան վերածելու շատ կարեւոր քայլ մը: Ըստ <<Թերթ>>ի՝ այս մասին, Ուրբաթ, 25 Օգոստոսին, Սարդարապատի մէջ ռազմական հաստատութիւններու շրջանաւարտներուն հաւաստագիր տրամադրելու հանդիսաւոր ձեռնարկէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
<<Կը կարծեմ, որ մեր շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած այս ձեռնարկները ցոյց տուին, որ այդ մասնագիտութիւնը կ՛ընտրեն շատ արժանապատիւ, շատ պինդ, շատ հայրենասէր տղաներ եւ աղջիկներ, որոնք որոշած են իրենց ամբողջ կեանքը կապել հայրենիքին ծառայելու սրբազան գործին հետ>>, ըսաւ նախարարը՝ աւելցնելով. <<Մենք՝ իբրեւ հասարակութիւն, իբրեւ պետութիւն, պարտական ենք սպաներուն: Անոնց ամէնօրեայ աշխատանքը, ծառայութիւնը մեր երկրի անդորրն ու խաղաղութիւնն են։ Այս օրերուն, կը կարծեմ, մեր ամբողջ ժողովուրդը համախմբուած բարի ծառայութիւն, խաղաղ ծառայութիւն կը մաղթէ տղաներուն: Իսկ ես՝ իբրեւ պաշտպանութեան նախախար, իրենց մաղթած եմ յաղթական եւ հպարտ ծառայութիւն>>։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ