By Asbarez | Saturday, 26 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ.- Դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017ի առաջին կիսամեակին ընթացքին կազմած է 622,381, որ 24.2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն:
Ըստ Արմէնփրէս>>ի՝ Ուրբաթ, 25 Օգոստոսին տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման էապէս կը նպաստեն նաեւ փառատօները: <<Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ իրականացուող փառատօները ոչ միայն ինքն ըստ ինքեան հետաքրքրական զբօսաշրջութեան արդիւնք են, նաեւ հարթակ են, որպէսզի զբօսաշրջութեան միւս ձեւերը եւս զարգանան եւ ներկայացուած ըլլան այդ հարթակին մէջ>>, ըսաւ ան:
Ըստ Ապրեսեանի՝ Հայաստանի մէջ ներգնայ զբօսաշրջութեան աճ ապահովող հիմնական շուկաներն են՝ Ռուսիան, Վրաստանը, Իրանը եւ եւրոպական երկիրները: <<Այս տարի հետաքրքրական շաժում կայ Չինաստանէն, Ծոցի երկիրներէն եւ Ճափոնէն: Մեզ նոր կը բացայայտեն Քորէան եւ Ֆիլիբինները>>, բացատրեց Ապրեսեան։
Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալը նշեց, որ վերջին տարիներուն մեծ է հետաքրքրուածութիւնը նաեւ Լատին Ամերիկայի երկիրներէն, ապա աւելցուց. <<Համաշխարհային շուկային մէջ դէպի Հայաստան այցերը տարուէ տարի կ՛աւելնան: Զբօսաշրջիկներուն 98 տոկոսը գոհ կը հեռանայ այստեղէն>>։
Մեխակ Ապրեսեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ հայաստանցի զբօսաշրջիկները այս տարի եւս, իրենց հանգիստը, մեծ մասամբ, նախընտրած են անցընել ծով ունեցող երկիրներու մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ