By Asbarez | Tuesday, 29 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Շաբաթ, 26 Օգոստոսին, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի նիստ՝ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Նիստին ընթացքին փորձագիտական անկախ յանձնախումբի ան-դամները ներկայացուցին ոստիկանութեան կողմէ քաղաքացիներուն ծառայութիւններու մատուցման, առողջապահութեան, կրթութեան եւ պետական եկամուտներու հաւաքագրման մարզերուն մէջ յայտնաբերուած փտածութեան վտանգի եւ անոր նուազեցման ուղղուած գործողութիւններու ծրագիրները: Անոնց շուրջ ծաւալեցաւ լայն քննարկում եւ ներկայացուեցան շարք մը առաջարկներ ու դիտարկումներ:
Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատեց նշուած մարզերուն մէջ փտածութեան վտանգի նուազեցման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ: Վարչապետը յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան, առողջապահութեան նախարարներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահին եւ ոստիկանութեան պետին յանձնարարեց մինչեւ 20 Սեպտեմբեր քննարկել ներկայացուած բոլոր դիտողութիւնները, անհրաժեշտութեան պարագային լրացնել եւ մշակել նախագիծերը՝ համագործակցելով փորձագէտներու հետ եւ մշակուած տարբերակը ներկայացնել կառավարութեան աշխատակազմին: Բացի ատկէ, ծրագիրի միջոցառումներու իրականացման նպատակով, վարչապետը յանձնարարած է ֆինանսական միջոցներ նախատեսել պիւտճէով նախատեսուող գումարներու շրջագիծին մէջ եւ անհրաժեշտութեան պարագային քննարկման առարկայ դարձնել պիւտճէի քննարկման ընթացքին: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարին յանձնարարեց Նոյեմբերին, անհրաժեշտութեան պարագային, քննարկելով այլ շահագրգիռ մարմիններու հետ՝ ամբողջացնել փաստաթուղթը, ներկայացնելով կառավարութեան քննարկումին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ