By Asbarez | Tuesday, 29 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 28ին ընդունեց յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյանութեան ոսկէ մետալներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանը եւ աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը:
Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան:
Հանրապետութեան Նախագահը շնորհաւորեց մարզիկները՝ փայլուն արդիւնքներով անոնց հայրենիք վերադառնալնուն առնչութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ յաղթանակով մեր ամբողջ ժողովուրդին ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր պարգեւելնուն, բարձր տրամադրութիւն հաղորդելնուն, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելնուն համար:
Նախագահը կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ յաղթանակած մարզիկները իրենց օրինակով ուղենիշ կը դառնան երեխաներուն եւ այլ երիտասարդներուն համար, որոնք կ՛ոգեշնչուին, կը ձգտին նմանիլ անոնց, կը դառնան առաւել աշխատասէր ու նպատակասլաց:
Սերժ Սարգսեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանէն եւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանէն հետաքրքրուեցաւ հանրապետութեան մէջ ըմբշամարտի զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ստեղծման աշխատանքներուն ընթացքով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ աշխատանքները ժամանակին եւ պատշաճ կերպով իրականացնելու գործին:
Հանդիպման մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հանրապետութեան նախագահին՝ մարմնակրթութեան զարգացման եւ մարզիկներուն հանդէպ մշտական ուշադրութեան ու հոգածութեան համար՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը ամէն անգամ աւելի կ՛ոգեւորէ եւ կը պարտաւորեցնէ՝ հասնելու նոր յաջողութիւններու:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ