Լեւոն Մկրտչեան մասնակցեցաւ Արցախի մէջ մեկնարկած Օգոստոսեան խորհրդակցութիւններուն

By Asbarez | Tuesday, 29 August 2017

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 2017-18 ուսումնական տարուան ընդառաջ, ամբողջ հանրապետութեան տարածքին ընթացող աւանդական օգոստոսեան խորհրդակցութիւնները հասած են Արցախ:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան այս խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի կրթութեան պատասխանատուներու, դպրոցներու տնօրէններու հետ, անոնց հետ քննարկելով նոր ուսումնական տարուան հարցերը:

Նախարարը այս հանդիպման ընթացքին խօսք առնելով՝ նշեց, որ ներկայիս կրթութեան ոլորտի բարեփոխումները թեւակոխած են նոր փուլ, եւ այս փուլին շատ կարեւոր է, որ հայկական երկու հանրապետութիւններու կրթութեան պատասխանատուները կարենան  դիմակայել կրթութեան համակարգին առաջ կանգնած մարտահրաւէրները եւ միասնական տեսակէտ ձեւաւորեն կրթութեան որակի բարձրացման ուղղութեամբ:

0829levon

Նախարար Մկրտչեան տեղեկացուց, որ մշակուած է կրթութեան զարգացման պետական ծրագիր, որ ունի կարեւոր բաղադրիչներ՝ հանրակրթութեան պետական ծրագիր, որ ամբողջութեամբ պիտի կարգաւորէ կրթութեան ոլորտի զարգացման հեռանկարները:

<<Մօտակայ մի քանի տարիներին պէտք է անցնենք յաջորդ կարեւոր փուլին՝ կրթութեան որակի ապահովմանը: Այն գերակայ է, քանի որ առանց որակի՝ ձեւը շատ արագ կ՛աղաւաղուի, եւ մենք կը կանգնենք կոտրած տաշտակի առջեւ: Նշեմ, որ կրթական ձեռքբերումները միայն անկախութեան ժամանակաշրջանով չեն պայմանաւորուած. դրանց հիմքում նաեւ այն հզօր ներուժն է, որ կուտակել է մեր ժողովուրդն իր պատմութեան ընթացքում եւ յատկապէս խորհրդային շրջանում, երբ առկայ էր բաւականին ուժեղ գիտակրթական համակարգ: Բնականաբար, այսօր այդ ներուժը պէտք է համապատասխանեցնել մեր կրթական համակարգին>>, ընդգծած է նախարար Մկրտ-չեան:

Ստեփանակերտի մէջ նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպեցաւ նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որուն հետ քննարկեց կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստան-Արցախ համագործակցութեան հարցերը:

 

 


comments