Ականի պայթումէն նահատակուած է զինուոր Հայկ Խաչատրեան

By Asbarez | Saturday, 02 September 2017

0902hayg

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - 1 Սեպտեմբերին, ժամը 11:50ի շուրջ, Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի պայթումէն զոհուեցաւ Պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1998ի ծնունդ Հայկ Գագիկի Խաչատրեան:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

<<Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն>>, կ՛ըսուի Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նահատակ Հայկ Խաչատրեան Շիրակի մարզի Գուսանագիւղ համայնքէն էր: Ան 8 ամիս առաջ կոչուած էր զինուորական ծառայութեան:

19ամեայ Հայկ Խաչատրեան տան աւագ որդին էր, ունէր իրմէ փոքր երկու եղբայր:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան յետ մահու պարգեւատրեց Հայկ Խաչատրեանը <<Մարտական Ծառայութիւն>> շքանշանով:

 



comments