By Asbarez | Saturday, 02 September 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Արցախի անկախութեան 26ամեակի առիթով Շաբաթ, 2 Սեպտեմբերին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը <<Եռաբլուր>>ի մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ ի յիշատակ պանթէոնի մէջ ամփոփուած նահատակ հայորդիներու, որոնց կեանքի գնով այսօր ունինք անկախ ու ազատագրուած հայրենիք:
Հայկական երկու հանրապետւթիւններու օրհներգերէն ետք, բացման խոսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյան, որ իր ելոյթի մէջ համոզում յայտնեց, որ Ատրպէյճանի յարձակումներու դէմ կրնանք պայքարիլ երեք ճակատով. <<բանակի հզօրացմամբ, թիկունքում կանգնած ժողովրդի մասնակցութեամբ եւ, իհարկե, արտաքին ճակատում մղած պայքարով, որում իր ակտիւ մասնակցութիւնն ունի ՀՅԴ-ն՝ իր Հայ դատի կառոյցներով:
Ձեռնարկի ընթացքին իրենց երդումը տալով 100է աւելի նորագիրներ համալրեցին Դաշնակցութեան շարքերը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ