By Asbarez | Monday, 04 September 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 Սեպտեմբերին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ միասին ներկայ եղաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Ճանապարհը կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներու պատկերասփռուած թելեթոններուն ընթացքին հաւաքուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններուն աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էր եւ ժապաւէնի հատման արարողութեան մասնակցեցաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի շրջանի նախկին նախագահ եւ Հիմնադրամին մեծագումար նուիրատուութիւն կատարող Անդրանիկ Պաղտասարեան, որ նաեւ առանձին ելոյթով հանդէս եկաւ միջոցառման ընթացքին:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հետ այցելեցին նաեւ Դադիվանք եւ ծանօթացան վանական համալիրին մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին եւ մոմ վառեցին Դադիվանքի Ս. Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 Սեպտեմբեր ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կը մասնակցի Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ