Վիգէն Սարգսեանի Այցը Չինաստան Նոր Խթան Պիտի Հանդիսանայ Հայ-Չինական Յարաբերութիւններու Խորացման Գործին

By Asbarez | Wednesday, 06 September 2017

 

0906vikendefense

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, 5 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան քաղաքական բիւրոյի անդամ, Չինաստանի կեդրոնական ռազմական խորհուրդի փոխնախագահ Սիւ Ցիլեանի հետ:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստան այցելելու հրաւէրին եւ հայկական պատուիրակութեան ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Սիւ Ցիլեան, իր հերթին, յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին այցը Չինաստան նոր խթան կը հանդիսանայ հայ-չինական յարաբերութիւններու խորացման գործին:

Վիգէն Սարգսեան ներկայացուց այցին ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները՝ նշելով պաշտպանական ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները:

Հայաստան եւ Չինաստան տարիներ շարունակ արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցին բազմաթիւ ուղղութիւններով, նաեւ պաշտպանական հարցերով: Մասնաւորապէս՝ աշխոյժ փոխգործակցութիւն ծաւալած է ռազմական կրթութեան եւ մադասիրական ոլորտներուն մէջ: Բայց ժամանակակից մարտահրաւէրները կը պարտադրեն առաւել խորացնելու համագործակցութիւնը՝ միասնական ուժերով զանոնք դիմակայելու համար: Հայ-չինական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի վկայութիւններէն մէկը փոխադարձ հաւասարակշռուած դիրքորոշումն է երկու երկիրներուն համար կարեւոր եւ զգայուն հարցերու մէջ: Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով Չինաստանի հետեւողական եւ կառուցողական դիրքորոշման համար:

Կողմերը համակարծիքեն, որ հայ-չինական յարաբերութիւնները ունին մեծ ներուժ, որուն իրականացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել: Անոր մեծապէս պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը, որ խարսխուած է փոխադարձ եւ լիարժէք վստահութեան վրայ: Չինաստանի կեդրոնական ռազմական խորհուրդի փոխնախագահին գնահատականով՝ Հայաստան Չինաստանի համար վստահելի եւ անկեղծ բարեկամ ու գործընկեր է: Կողմերը համաձայնեցան աշխուժացնել ջանքերը՝ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ փոխգործակցութիւնը առաւել խորացնելու գծով:

Նախարար Սարգսեան Երկուշաբթի, 4 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Չան Վանցիւանի հետ:

Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպման ընթացքին նշեց, որ երկու հինաւուրց եւ մեծ ժողովուրդներու պատմական եւ արժեհամակարգային ընդհանրութիւնները հրաշալի նախադրեալներ են երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար, ներառեալ պաշտպանական ոլորտէն ներս: Որպէս արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան ուղղութիւններ նշուեցան փոխադարձաբար՝ երկու երկիրներուն համար զինուորական մասնագէտներու պատրաստումը եւ համագործակցութիւնը մարդասիրական ոլորտէն ներս:

Վիգէն Սարգսեան յայտնեց, որ չինական ռազմակրթական հաստատութիւններու մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած հայ զինուորականները հրաշալի սպաներ ու հրամանատարներ կը դառնան:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն:

Երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները փոխադարձ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Չինաստանի համար զգայուն հարցերու գծով հետեւողական եւ կառուցողական դիրքորոշումներուն համար, որոնք կը դրսեւորուին այնպիսի կարեւոր միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպիսին է, օրինակ՝ ՄԱԿը: Հայաստանի համար այդ հիմնախնդիրը նախեւառաջ ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է:

Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ իր երկիրը խնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման կողմնակից է:

Կողմերը համաձայնած են, որ անհրաժեշտ է աւելցնել ջանքերը՝ պաշտպանական ոլորտէն ներս հայ-չինական փոխգործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ:

Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց չինական կողմին՝ տարիներ շարունակ Հայաստանի պաշտպանական ոլորտին անհատոյց օգնութիւն տրամադրելուն համար:

comments

Advertisement