By Asbarez | Saturday, 09 September 2017

4 hours ago
<<Արցախփրես>> կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստ` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնումին:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդման համար Ազգային ժողովի դահլիճ բերուած է Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար, երդման իր խօսքին մէջ, Բակօ Սահակեան ըսած է. <<Ստանձնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` կ՛երդնում անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին>>:
Երդմնակալութեան արարողութեան օրհնութեան կարգ կատարած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, այնուհետեւ` շնորհաւորանքի խօսք յղած Բակօ Սահակեանին:
Երդման հանդիսաւոր խօսքէն ետք, Բ. Սահակեան խորհրդարանին մէջ հանդէս եկած է ելոյթով, որուն ընթացքին մասնաւորապէս ըսած է, որ 19 յուլիսին Ազգային ժողովին կողմէ հրաւիրուած յատուկ նիստին ժամանակ ինք ելոյթ ունեցած է` իբրեւ նախագահի թեկնածու, ուր ներկայացուցած է իր եւ իր թեկնածութիւնը պաշտպանած քաղաքական ուժերուն տեսակէտները, մօտեցումները` Արցախի անվտանգութեան ապահովման, քաղաքացիներու բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման առնչութեամբ:
<<Այդ ելոյթին մէջ մանրամասն անդրադարձած եմ բանակաշինութեան, մեր զինուած ուժերու մարտական ոգիի եւ պատրաստուածութեան հետեւողական բարձրացման, զինուորներու հասարակական խնդիրներու լուծման: Յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած եմ ժողովրդավարական հոլովոյթներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած մեր կողմէ ապագային իրականացուելիք աշխատանքները: Մատնանշած եմ այն աշխատանքները, որոնք մենք ձեզի հետ միասին պէտք է իրականացնենք տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն` ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան մարզերուն մէջ: Ներկայացուցած եմ, թէ ապագային ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ պետութեան քաղաքականութիւնը: Նշած եմ մեր երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կրթական համակարգի, մշակութային ոլորտի, զբօսաշրջութեան, մարմնակրթութեան, ժամանակակից արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ հասարակական կեանքի ձեւաւորման ուղղուած քայլերը: Այսօր ձեր ներկայութեամբ ես կ՛ուզեմ համոզում յայտնել, որ մենք ձեզի հետ միասին ունակ ենք գիտակցուած, հետեւողական աշխատանքներ իրականացնելու` նշուած ծրագիրները եւ առաջադրանքները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ>>, ըսած է Բակօ Սահակեան:
Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ իր պաշտօնին ստանձնումը իւրատեսակ ամփոփումն է այն հոլովոյթներուն, որոնք սկիզբ առած են Արցախի նոր Սահմանադրութեան ընդունումով:
<<Այսօրուան հանդիսաւոր ձեռնարկով միաժամանակ քաղաքական նոր փուլի սկիզբ կը տրուի մեր երկրին մէջ, որուն գլխաւոր նպատակը պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է` առկայ իրողութիւններու հաշուառումով>>, նշած է Ա. Ղուլեան:
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամներ, պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, արցախեան շարժման մասնակիցներ, հանրային գործիչներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ