By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուեցաւ հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոնի վերածուած Մխիթարեան միաբանութեան 300ամեակը։ Այս առիթով, Ս. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որ ուղեկցուեցաւ տուտուկի հնչիւններով՝ Արամ Իփեքճեանի կատարումով:
Պատարագին ներկայ եղան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան եւ բարձրաստիճան հիւրեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Վենետիկի Սուրբ Մարկոս տաճարին մէջ նոյնպէս երեկոյեան ժամերգութեամբ նշուեցաւ մշակութային այս կեդրոնի երեքդարեայ ներկայութիւնը: Պատարագէն առաջ, Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա վերյիշեց Մխիթարեան միաբանութեան ամբողջ պատմութիւնը:
<<Մխիթարեան միաբանութեան պէտք է երախտապարտ ըլլանք, որովհետեւ անիկա ոչ միայն պահպանեց հայկական մշակոյթը, այլ նաեւ նպաստեց մեր մշակոյթի պահպանման>>, ըսաւ ան:
Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատման 300ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուեցան Մայր վանքի ամբողջ պատմութիւնը:
Միաբանութեան 300ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ հաստատելով միաբանութեան ունեցած անգնահատելի դերը՝ հայապահպանման գործին մէջ, որով դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն։ <<Գտնուելով Եւրոպայի սիրտին մէջ՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին, եւ՝ փոխադարձաբար>>, գրած էր ան:
Նշենք, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական աշխատութիւններ ու արժէքաւոր հատորներ: Ս. Ղազարի մէջ միաբանները հիմնած են վարժարան, գրադարանի հիմքի վրայ ստեղծած մատենադարան, որուն ձեռագիրները 5000ի կը հասնին, իսկ տպագիրները՝ 100,000ի:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ