Երբ 1937ի զոհերուն կը վերաբերի, Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է խրախուսէ նման ցուցահանդէսներ. Ռուստամեան

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

0913Roustamian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Սեպտեմբեր 12ին, խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանի կազմակերպած ցուցահանդէսի փակման:

<<Սա, ի հարկէ, վրդովեցուցիչ է: Ես նոր եմ տեղեկացել դրա մասին: Հանգամանքներին քանի որ ծանօթ չեմ, չեմ կարող պատասխանել, բայց ցուցահանդէս փակելը նորմալ (բնական-Խմբ.) բան չէ>> ըսաւ ան:

<<Ես չգիտեմ, մանաւանդ եթէ 37ի զոհերին է վերաբերում, ապա մշակոյթի նախարարութիւնն ինքը պէտք է խրախուսի նման ցուցահանդէսների անցկացումը: Մենք մեր պատմութիւնը պէտք է լաւ ուսումնասիրենք: Մարդը ուսումնասիրութիւն է արել, դրա հետ կապուած ցուցահանդէս է հրաւիրել, իսկ մենք գիտենք, որ Յովհաննէս Թումանեանի երեք զաւակները հէնց դրա զոհն են եղել, այսինքն՝ կապ կայ այդ ամէն ինչի մէջ>>, աւելցուց Ռուստամեան:

Նշենք, որ Օգոստոս 4ին Յովհհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանի բացօթեայ տարածքին մէջ կայացաւ <<Խաւարում>> խորագիրով ցուցադրութեան բացումը, որ նուիրուած էր խորհրդային բռնատիրութեան զոհերուն: Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանի պահանջով, ցուցահանդէսը փակուեցաւ: Ցուցահանդէսի փակման կապակցութեամբ Սամ-ուէլեան նշած էր. <<Ճիշդ է, մենք պէտք է պատմութեանը պարզ երեսով նայենք, բայց կարծում եմ, որ այն մի փոքր քաղաքականացուած էր: Այժմ սկսուել են փողոցների անուանափոխութեան հետ կապուած գործընթացներ, եւ այդ ցուցահանդէսն էլ ընկալուել է այդ համատեքստում>>:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement