Հայկական կողմը կ՛իրականացնէ միջազգային ընտանիքին վերապահուած գործառոյթները

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017



<<Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր անելիքները>> կարգախօսով եւ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կայացած խորհրդաժողովին  հնչած միտքերէն եւ առաջադրանքներէն կարելի է ամփոփել հետեւեալները.

Ա. Պատերազմի մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած ենք եւ պարտաւոր ենք նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ:

Բ. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նոր քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի Արցախը գործակցի արտասահմանեան երկիրներու քաղաքներուն հետ, ինչ որ պիտի նշանակէ Արցախի մասամբ ճանաչում:

Գ. Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի փաստացի հրաժարումը խաղաղ կարգաւորման պահանջներէն՝ մենք ունինք բոլոր հիմքերը, մեր կողմէ արդարացուած են այն բոլոր միջոցները, որոնք կոչուած են ամրապնդելու Արցախի եւ Հայաստանի միասնական անվտանգութեան համակարգը:

Դ. Արցախեան ազատամարտի յաջողութիւնները ամրապնդելու եւ հիմնախնդիրի հայանպաստ լուծումը կանխորոշելու նպատակով իրականացնել Արցախի վերաբնակեցումը եւ հիմքեր ստեղծել ապահովելու ատոր միջազգային աջակցութիւնը:

Ե. Եթէ Ատրպէյճան կը շարունակէ մերժել եւ խոչընդոտել հրադադարը վերահսկող գործիքակազմերու տեղակայումը, ատիկա պէտք է իրականացնէ հայկական կողմը:

Զ. Հիմա բաւականաչափ զինուորական սարքաւորումներ ձեռք բերուած են: Կարելիութիւն կայ նաեւ առցանց դրութեամբ դիտարկելու մարտավարական գօտիի իրավիճակը:

Է. 1994 թուականէն Պաքուի ռազմական հզօրութիւնը գերազանցած է հայկականը: Սակայն ատով կարելի չէ գնահատել, թէ մենք պարտուած ենք պատերազմին մէջ: Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնց շնորհիւ ռազմական գործողութիւնները կրնան այլ ելք ունենալ: Կարեւորը զօրքի որակն է:

Խորհրդաժողովին հնչած զեկուցումները, մասնագիտական գնահատականները եւ անոնց հիման վրայ կայացած քննարկումները թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ երկարաժամկէտ կտրուածքներով կը բանաձեւեն ապրիլեան պատերազմին անմիջականօրէն յաջորդած ժամանակաշրջանին եւ անկէ մեկնած նաեւ խաղաղ բանակցութիւնները ականահարող Պաքուի պահուածքին դիմաց հայկական կողմի որդեգրած եւ որդեգրելիք քայլերը:

Տարբեր երկիրներու նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ տարուելիք աշխատանքներուն նոր զսպանակում տալու որոշումին հրապարակումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման նոր խթան կը հաղորդէ անպայման եւ աշխարհատարած ցանցային կառոյցի քաղաքական աշխատանքներուն նոր թափ կ՛ապահովէ: Կապակցուած գործօններով կը բացատրուին նաեւ տարածքներու բնակեցման բարդ, այլապէս ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիմնակէտի առարկայացման պատճառները: Որքան ալ անմիջականօրէն նախաձեռնելի աշխատանքներ ըլլան, այս ուղղութիւնները համեմատաբար երկարաժամկէտ աշխատանքի բնոյթ ունին:

Ինչ կը վերաբերի ամէնէն հրատապ հանգոյցին, որ զերօ կէտին վրայ կը պահէ խաղաղ բանակցային գործընթացի ապասառեցման ամէն տեսակի միտում, ապա անիկա կը վերաբերի Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի յանգած որոշումներուն՝ շփման գիծի երկայնքին մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան գործիքակազմերը տեղադրելու եւ համապատասխան առաքելութիւն իրականացնելու:

Այս առումով, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի օփերաթիւ բաժինի պետ, գնդապետ Վիքթոր Առուստամեանի յայտնած առաջադրանքներուն եւ զեկուցական փոխանցումներուն միջեւ կայ համատեղելիութիւն, կիրարկուող ռազմական վարքագիծի հետեւողականութիւն:

Արմէն Ռուստամեանի տեսակէտով՝ եթէ Ատրպէյճանը կը շարունակէ մերժել եւ խոչընդոտել հրադադարը վերահսկող գործիքակազմերու տեղակայումը, ատիկա պէտք է իրականացնէ հայկական կողմը:

Մինչ Վիքթոր Առուստամեանի զեկուցումով՝ հիմա բաւականաչափ սարքաւորումներ ձեռք բերուած են: Անոր համաձայն, կարելիութիւն կայ նաեւ առցանց դրութեամբ դիտարկել մարտավարական գօտիի իրավիճակը:

Փաստօրէն, հայկական կողմը կը ստանձնէ միջազգային ընտանիքին որոշած, բայց ատրպէյճանական արգելքով չգործադրուած առաքելութիւնը: Անմիջապէս յիշենք ռազմափորձին մասնակցող խոցուած ուղղաթիռի դէպքն ու նահատակուած հայ զինուորներուն աճիւնները վերադարձնելու պաշտպանական համակարգին իրագործած նուաճումը: Երբ Միջազգային կարմիր խաչն ու համապատասխան այլ կառոյցներ ձախողեցան վերացնել ատրպէյճանական արգելքը, հայկական կողմը ի՛նք իրականացուց առաջադրանքը:

Հիմա Արցախի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչը կը յայտնէ, որ առցանց դրութեամբ կարելի է հետեւիլ մարտագօտիին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն: Ոտնձգութիւնները, թափանցման փորձերը դիտարկելի են եւ նկարահանելի: Նկարահանումները կրնան տրամադրուիլ ԵԱՀԿին, որ որոշած է նաեւ հետաքննել պատահարները:

Պատահարներու հետաքննութեան չկայացման պարագային, այդ առաքելութիւնը եւս կը ստանձնէ հայկական կողմը եւ այդպիսով իր վրայ վերցուցած կ՛ըլլայ միջազգային ընտանիքին վերապահուած շատ կարեւոր գործառոյթներ:

 

<<ԱԶԴԱԿ>>

 

comments

More headlines

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Հայկական Կարմիր Խաչ Կ՛ահազանգեց, Որ Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկը Կը Խախտէ Շարժման Սկզբունքները

Կոչ Աւստրալիահայ գաղութին՝ բոլորս Արցախի կողքին

Ահաւոր Արկած Երեւան-Գիւմրի Ճամբուն Վրայ. Զոհուած Է 11 Հոգի

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Արցախի Նախագահը Հրատապ Ուղերձ Կը Յղէ Միջազգային Հանրութեան. «Անյապաղ Գործե՛լ Ու Կասեցնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը»

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելուն Առիթով

Էրտողան. «Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացումը Կարեւոր Է Կարգաւորման Համար»

Ուաշինկթըն. «Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը. Կ՛ողջունենք Երկխօսութիւնը, Որ Կ՛առաջնորդուի Այս Նպատակով»

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ 8 Օգոստոս Ժամանակ Տրամադրած Է Վագիֆ Խաչատրեանի Վերաբերեալ Տեղեկութիւն Տրամադրելու Համար

Advertisement