Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը ներկայացուց իր գործունէութեան հաշուետուութիւնը

By Asbarez | Thursday, 14 September 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանրութեան դատին ներկայացուց բոլոր ոլորտներուն մէջ կառավարութեան մէկ տարուան գործունէութեան ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներուն վերաբերեալ հակիրճ հաշուետուութիւնը:

Հաշուետուութեան մէջ կը նշուի, որ 2017ի առաջին 7 ամիսներուն, տնտեսական աշխուժութիւնը աճած է 6.2 տոկոսով, հարկային եկամուտները՝ 6 տոկոսով, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը՝ 12.7 տոկոսով, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը՝ 26 տոկոսով:

Արտածումը աճած է 21.6 տոկոսվ, իսկ ներածումը՝ 28.5 տոկոսով:

Նուազած է գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան ոլորտներուն աճը:

Փաստաթուղթը ամբողջութեամբ կարելի է տեսնել այստեղ՝ http://gov.am/u_files/file/2016-report/Year%20Report_printed.pdf

 

comments