Սիւնիքի մէջ մեկնարկած են օդակայանի կառուցման աշխատանքները

By Asbarez | Thursday, 14 September 2017

 




ԵՐԵՒԱՆ - <<Սիւնիք>> օդակայանի վերագործարկման ուղղուած աշխատանքներու ծիրին մէջ մեկնարկած է նաեւ օդակայանի շէնքի կառուցման գործընթացը, <<ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ  կը տեղեկացնէ Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Ռոբերտ Հայրապետեան:

Ան տեղադրած է նաեւ շէնքի նախագիծի լուսանկարները:

Նշենք, թէ նախապէս Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան յայտնած էր, որ կարեւոր է աշխատանքներու արագութիւնը, բայց առաւել կարեւոր է որակը:

<<Սիւնիքի մարզկեդրոնի հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն կը դարձնենք 40 վայրկեան>>, կ՛ըսէ Յակոբեան՝ օդակայանի կառուցման առիթով իրականացուած տեսանիւթին մէջ:

Օդակայանի վերակառուցման աշխատանքները մեկնարկած են այս տարուան Մարտին:

Այս առիթով <<ՓանԱրմինիըն>>ը զրուցած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Սահակ Յակոբեանի հետ, որ ըսած է. <<Օդակայանի շէնքը պիտի ունենայ շուրջ 900 քառ.մ. մակերես: Կը նախատեսուին, որ շէնքին մէջ ժամական 100 ուղեւոր սպասարկուի: Անիկա պիտի համապատասխանէ անվտանգութեան բոլոր չափանիշներուն: Նոյն շէնքին մէջ պիտի գործէ նաեւ օդանաւներու <<Նեվիիկէյշըն>> (navigation) կեդրոնը: Աշխատանքները կը ծրագրենք աւարտել մինչեւ 2018ի առաջին կիսամեակի աւարտը>>:

Մարզպետի խորհրդականը կը տեղեկացնէ, որ օդակայանը կը ծրագրեն շահագործման յանձնել մինչեւ 2018ի կէսերը: Յայտնենք, որ օդակայանի շէնքի կառուցման նախագիծի հեղինակը <<Տրանսնախագիծ>> ընկերութիւնն է:

 

comments