ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

By Asbarez | Friday, 15 September 2017

 

0914Ars1

ԵՐԵՒԱՆ - Սեպտեմբեր 13ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ: ՀՕՄի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին՝ փոխատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան, ատենադպիր Ռիթա Հինթլեան, գանձապահ Սիլվա Գույումճեան, ինչպէս նաեւ անդամներ Լիզա Աւագեան, Նելլի Վեքիլեան, Աննա Տէր Յակոբեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, Սոնիա Աքէլեան, Ալեսիա Պեճանեան, Օժիկ Գրիգորեան եւ Նելլի Նարկիզեան:

Նախարարը շնորհաւորեց կառոյցի անդամները՝ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան 25ամեակի եւ Սեպտեմբեր 6ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած ՀՕՄի <<Սօսէ>> մանկապարտէզի հանդիսաւոր բացման առթիւ: Ան կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ ՀՕՄի հայանպաստ գործունէութիւնը, յատկապէս՝ առողջապահական, կրթական, ընկերային եւ ինքնութեան պահպանման մարզերէն ներս։

Նախարարը նաեւ ներկայացուց <<Սահմանապահ գիւղերին աջակցութիւն>> ծրագիրը եւ առաջարկեց 43 գիւղերէն մէկը ընտրել ու շէնցնել՝ զայն դարձնելով <<ՀՕՄի գիւղ>>ը:

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6րդ համաժողովի մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքին համար, ապա ներկայացուցին ՀՕՄին իրականացուցած աշխատանքները՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մասնակցելու <<Սահմանապահ գիւղերի աջակցութիւն>> ծրագիրին եւ աշխուժացնելու իրենց մասնակցութիւնը նախարարութեան այլ ծրագիրներուն:

ՀՕՄը Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 1991ին, եւ մօտաւորապէս 600 անդամուհիներով կը գործէ Հայաստանի 48 համայնքներու մէջ: ՀՕՄի առաքելութիւնն է նպաստել Հայաստանի մէջ իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան ձեւաւորման եւ քաղաքացիական հասարակութեան կերտման գործընթացին, ինչպէս նաեւ օժանդակել հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement