By Asbarez | Tuesday, 26 September 2017
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան արձագան-գելով արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութեան՝ հաստատեց, որ Արցախը ոչինչ ունի զիջելիք:
Ան ըսաւ. <<Մենք մեր դիրքորոշումը շատոնց արտայայտած ենք: Եթէ Նալբանդեան կ՛ըսէ, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը առաջնահերթ է, ուրեմն Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է որոշէ, ոչ՝ Նալբանդեան: Երկրորդ, եթէ մենք չենք խօսիր Ղարաբաղի հողային ամբողջականութեան վերականգնման հարցով, շատ մեծ անպատեհութիւն է խօսիլ որեւէ զիջումի մասին:
<<Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, թէ այս փուլին զիջումներու մասին խօսիլը անխոհեմութիւն է: Մենք ունինք Ղարաբաղ, որ ունի սահմանադրութիւն, ժողովուրդը մէկ անգամ հանրաքուէ կատարած է, երկու անգամ սահմանադրութիւն հաստատած է, եւ Ղարաբաղը հողային պահանջ ունի, իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար, բայց ոչինչ ունի զիջելիք>>, հաստատեց Հրանդ Մարգարեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ