Վիգէն Սարգսեան կը պարզաբանէ <<Դիտակէտ>> ծրագիրի նպատակները

By Asbarez | Wednesday, 27 September 2017


ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերին հանդիպեցաւ <<Դիտակէտ>> ծրագիրի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած անձնակազմին հետ:

Պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող <<Դիտակէտ>> ծրագիրը նպատակ ունի զօրացրուած զինուորներուն ուղղուած անանուն հարցումներու միջոցով բացայայտել զինուորական ծառայութեան առնչուող հարցերը՝ հնարաւորութիւն տալով նախանշել անոնց լուծման ուղիները:

<<Չափազանց կարեւոր է, որ մեր քաղաքացիները վստահ լինեն, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մշտապէս ուշադրութեան կենտրոնում է պահում խնդիրները, որոնց իրենք հանդիպում են ծառայութեան ընթացքում, եւ զգան, որ հնարաւորութիւն ունեն մեզ հետ յետադարձ կապով տալ գնահատական՝ իրենց անցած ուղու վերաբերեալ>>, յայտնեց Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարը ընդգծեց գործընթացի մասին հաւաստի տեղեկատուութիւն տարածելու կարեւորութիւնը՝ թիւրիմացութիւններէ խուսափելու համար:

<<Այս ծրագիրը որեւէ կապ չունի մոբիլիզացիոն (զօրաշարժի-Խմբ.) գործունէութեան կամ լրացուցիչ ծառայութեան հեռանկարների հետ: Սա ընդամէնը հարցում է, որը միտուած է ծառայութիւն անցած տղաների կարծիքն ամբողջականացնելուն, լիարժէք կարծիք ձեւաւորելուն, առկայ կարծրատիպերի դէմ պայքարելուն, եղած խնդիրները շտկելուն: Այսինքն՝ որեւէ այլ նպատակ այս ծրագիրը չի հետապնդում: Պէտք է խնդրեմ մեր զօրացրուած զինծառայողներին լինել հնարաւորինս փոխգործակցող այս ծրագրի հետ եւ տալ լիարժէք տեղեկատուութիւն՝ առկայ խնդիրները բացայայտելու, լուծումներ փնտռելու համար>>, նշեց Վիգէն Սարգսեան:

 

comments