By Asbarez | Saturday, 30 September 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Մեդիամաքս>> - Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբերին, Գանձասարի վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ <<Արծիւ մահապարտներ>> յատուկ նշանակութեան զօրագունդի կազմաւորման 25ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած անձնական արիութեան ու խիզախութեան համար <<Արծիւ մահապարտներ>> զօրագունդի խումբ մը մարտիկներ պարգեւատրեց <<Մարտական ծառայութիւն>> շքանշանով:
<<Գումարտակը մեր միւս զօրախմբերի հետ մէկտեղ մասնակցեց Մարտակերտի շրջանի ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական մարտերին: Մեր քաջ եղբայրների խիզախութեան ու անձնազոհութեան շնորհիւ կասեցուեց թշնամու առաջխաղացումը՝ հաւատ ներշնչելով մեր ժողովրդին սեփական ուժերի հանդէպ, ամրապնդելով հակառակորդին արժանի հակահարուած հասցնելու եւ նրա յանցաւոր ծրագրերը ձախողելու հայ զինուորի կամքն ու վճռականութիւնը: Դա սրբազան պայքար էր, որը պսակուեց յաղթանակով>>, ըսաւ Արցախի ղեկավարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ