Շիրակի Մարզպետ Արթուր Խաչատրեան լրագրողներու համար ամէնէն հասանելի պաշտօնեաներէն է

By Asbarez | Saturday, 30 September 2017

0930goldenkew

ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> - Լրագրող Նունէ Արեւշատեան կը հաղորդէ, որ Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբերին, Տեղեկատուութեան ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, մայրաքաղաքի <<Պեսթ Վեսթերն Քոնկրես>> հիւրանոցին մէջ 15րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Տեղեկատուութեան ազատութեան կեդրոնի <<Ոսկէ բանալի եւ ժանգոտ կողպէք>> ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը:

<<Ոսկէ բանալի>> մրցանակը յանձնուեցաւ Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանին: Նշենք, որ Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան լրագրողներու համար ամէնէն հասանելի պաշտօնեաներէն է: Ան աշխոյժ է նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ, մեկնաբանութիւններ կը գրէ նիւթերու տակ, զրոյց ու բանավէճեր կ՛ունենայ օգտատէրերու հետ, հետեւողական է նաեւ <<ֆէյսպուք>>ով բարձրաձայնուած հարցերու լուծման գծով:

Ամէնէն բաց գերատեսչութիւնը, որ լաւագոյնս կը կիրառէ <<Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին>> օրէնքը, ճանչցուած է Շիրակի մարզպետարանը:

 



comments