By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017
ԱՇՏԱՐԱԿ - Անցեալ Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբերին, Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան իր պաշտօնավարման առաջին տարուան աւարտին առիթով մամլոյ ասուլիս մը տուաւ:
Մարզպետը ներկայացուց ոչ միայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին ունեցած ձեռքբերումները, այլ նաեւ խօսեցաւ մարզի դիմագրաւած հիմնահարցերուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Գիւղատնտեսութիւնը, իբրեւ գերակայ ոլորտ, կարեւոր նշանակութիւն ունի մարզին համար: Մարզպետը Արագածոտնի զարգացման հեռանկարը կապեց գիւղատնտեսութեան արդիականացման, հակակարկտային ցանցերու, կաթիլային ոռոգման համակարգի ներդրման եւ այլ ծրագիրներու իրականացման հետ: Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը նաեւ մարզի տարածքին հակակարկտային հրթիռային համակարգի ծրագիրի իրականացման:
Ասուլիսին ներկայ լրագրողները տեղեկացան քաղաքաշինութեան, սեփական եկամուտներու հաւաքագրման, <<Մաքուր Հայաստան>> ծրագիրի ուղղութեամբ մարզին մէջ իրականացած աշխատանքներու մասին:
Ի շարս այլ հարցերու, յատկապէս շեշտուեցաւ հանրակրթական դպրոցներու շէնքերու եւ գոյքերու պայմաններու խնդրայարոյց իրավիճակը:
Աշոտ Սիմոնեան մանրակրկիտ կերպով ներկայացուցց նաեւ առողջապահութեան ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը: Բժշկական հաստատութիւններու գործունէութեան բարելաւման հարցը եւս մարզի ղեկավարութեան ամէնօրեայ հոգածութեան տակ է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ