By Asbarez | Wednesday, 04 October 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմինֆօ>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ձեռք բերած է կարճալիք յաճախականութեան Ռ168-100կաէ եւ Ռ168-5կնէ ռատիօկայաններու մեծ խմբաքանակ մը: Ներկայիս կ՛ընթանան 2018ին Հայաստանի զինուած ուժերուն համար ռատիօկայաններու եւս մէկ խմբաքանակի մը ձեռբերման բանակցութիւնները:
Մատակարման պայմանագիրը կնքուած է 2017ի գարնան:
Ռատիօկայաններու առաջին խմբաքանակը արդէն մատակարարուած է: Դիւրակիր կարճալիք յաճախականութեան Ռ-168-5կնէ ռադիօկայանը շահագործման բարդ պայմաններու տակ ղեկավարման մարտավարական օղակին կ՛ապահովէ խափանումներէ պաշտպանուած բաց եւ փակ, քօղարկման սարքաւորումով ստեղծ-ուած ռադիօկապ: Անիկա կ՛ընդունի եւ կը փոխանցէ համանման ֆիզիքական ալիք (analogue) եւ թուային (digital) տեղեկատուութիւն:
Ռ168-100կաէ առձեռն ռատիօկայանը կ՛ապահովէ ղեկավարման մարտավարական օղակի կայուն եւ շարժական առարկաներու միջեւ ինքնաշխատ, բաց, ներդրուած յատուկ քօղարկման սարքաւորումով պաշտպանուած, ինչպէս նաեւ արտաքին կապի գաղտնազերծման սարքաւորման միջոցով գաղտնագրուած ռատիօկապ: Կայանը նախատեսուած է հրամանատարաշտաբային ինքնաշարժներուն մէջ տեղադրուելու համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ