By Asbarez | Friday, 06 October 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Հոկտեմբեր 5ին, մայրաքաղաքի <<Մերիտիըն>> ցուցահանդէսի կեդրոնին մէջ, ներկայ եղան Հոկտեմբեր 5էն 8 իրականացուող <<Երեւան շօ-2017>> ոսկերչական իրերու եւ ժամացոյցներու միջազգային 8րդ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
Հանրապետութեան նախագահը, ոլորտի պատասխանատուներուն եւ կազմակերպիչներուն ուղեկցութեամբ՝ շրջեցաւ ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ ու ծանօթացաւ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան (AJA) կազմակերպած ցուցահանդէսին, դիտեց հայրենի եւ օտար ընկերութիւններու ներկայացուցած ոսկերչական զարդերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքերը, ադամանդի եւ այլ թանկարժէք ու կիսաթանկարժէք քարերու մշակումով պատրաստուած իրերը, ծանօթացաւ մասնակցող ընկերութիւններու գործունէութեան ու ծրագիրներուն:
Ոսկերչական ցուցահանդէսէն ետք Հանրապետութեան նախագահը այցելեց նաեւ Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի առաջատար ընկերութիւններէն մէկը՝ <<Ալեքս Թեքսթիլ>> ընկերութիւն, ուր ներկայ եղաւ ընկերութեան նոր՝ հագուստի արտադրութեան արտադրամասի բացման արարողութեան:
Հանրապետութեան նախագահին ընկերութեան հիմնադիրները ներկայացուցին իրականացուող աշխատանքներն ու զարգացման ծրագիրները: Սերժ Սարգսեան նաեւ ծանօթացաւ կարի գործարանի նոր կառուցուող մասնաշէնքի նախագիծին եւ անոր համաձայն իրականացուելիք աշխատանքներուն:
Նշենք, որ նախնական հաշուարկով պիտի կատարուի շուրջ 7 միլիոն եուրոյի ներդրում, որուն իբրեւ արդիւնք‘ գործարանը պիտի ունենայ շուրջ 3000 նոր աշխատատեղ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ