By Asbarez | Friday, 06 October 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունեց Երեւանի մէջ <<Հայկական գիւղ>> ազգագրական թաղամասի կառուցապատման մրցոյթին յայտ ներկայացուցած միջազգային չորս ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան թաղամասի կառուցապատման առնչուող շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ ներդրումային ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ տեսլականին:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները արդէն իսկ ծրագիրը մանրամասնօրէն քննարկած են Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամին հետ եւ շրջած Հայաստանի զանազան զբօսաշրջութեան վայրերու մէջ, ծանօթացած հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններուն:
Վարչապետ Կարապետեան յայտնեց, որ <<Հայկական գիւղ>>ը պիտի ըլլայ տնտեսապէս գրաւիչ եւ յաջող գործարարական ծրագիր աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու ընկերութիւններուն ներկայացուցած ծրագիրին հետ առնչուող բոլոր առաջարկները: <<Այդ մէկը Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտ պիտի բերէ նոր փոփոխութիւններ: Երեւան ժամանողին պիտի կարենանք համապարփակ կերպով ներկայացնել հայկական աշխարհը, ներառեալ՝ Սփիւռքը, մեր պատմութիւնը, միջավայրը՝ ըստ տարածաշրջաններու եւ քաղաքներու: Թաղամասը կրնայ դառնալ Հայաստանի այցեքարտը եւ իր լայն ենթակառուցուածքներով պիտի համապատասխանէ զբօսաշրջիկներու սպասելիքներուն>>, ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը աւելցնելով, որ ծրագիրին շուրջ աշխոյժ քննարկումներ կ՛ընթանան ներդրողներուն հետ:
Կ՛ակնկալուի թաղամասի կառուցապատման մրցոյթը ամփոփել Նոյեմբերի սկիզբը: Ծրագիրով, որ կը գնահատուի 100-150 միլիոն տոլար, կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստանի տարբեր տարածաշրջաններու քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու ազգային աւանդութիւններուն ու պատմականօրէն ձեւաւորուած ճարտարապետական դիմագիծին բնորոշ ազգագրական թաղամաս՝ բնակելի տուներով, հիւրանոցներով (հիւրատուներով), ինչպէս նաեւ նկարչութիւնն ու ազգային արհեստները (գորգագործութիւն, դարբնագործութիւն, կաւագործութիւն, յուշանուէրներու պատրաստում) ներկայացնող ցուցասրահներով: Կը նախատեսուի, որ թաղամասը պիտի ունենայ շարժապատկերի-թատրոնի սրահ, այգի, համերգասրահ, թարմ տեղական արտադրանք առաջարկող բացօթեայ շուկայ եւ այլ ենթակառուցուածքներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ