Արագածոտնի մարզպետը հանդիպեցաւ բնակիչներու հետ

By Asbarez | Friday, 06 October 2017

1006talin

ԵՐԵՒԱՆ.- Արագածոտնի մարզպետը Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Թալինի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպեցաւ տարածաշրջանի համայնքներու բնակիչներու հետ:

Նկատի ունենալով, որ նման հանդիպումներու ընթացքին քաղաքացիները կը ներկայացնեն առաւելապէս դրամական աջակցութիւն ստանալու դիմումներ, մարզպետի յանձնարարութեամբ ընդունելութեան ներկայացած էին ամէնէն կարիքաւոր ընտանիքները:

1006abaran

 

Ընդունելութեան մասնակցեցան 77 քաղաքացիներ, որոնք ստացան դրամական աջակցութիւն:

Աշոտ Սիմոնեան հանդիպեցաւ նաեւ գիւղապետերուն հետ եւ անոնց յորդորեց  բնակիչներուն հետ աշխատիլ առանց նախապայմաններու՝ իւրաքանչիւր բնակիչի հանդէպ ունենալով անկողմնակալ եւ առաւելագոյն հոգածութիւն:

Մէկ օր առաջ, Հոկտեմբեր 3ին, մարզպետը նոյն նպատակով այցելած էր Ապարանի եւ Արագածի տարածաշրջաններ:

 

 



comments